Հանդիպում “Ֆիլոքսէնիա” միջեկեղեցական ընկերակցութեանը

Հանդիպում “Ֆիլոքսէնիա” միջեկեղեցական ընկերակցութեանը

Հիւսիսային Գերմանիոյ Նիւթշաու Պէնէտիկտեան վանքին մէջ 9֊11 փետրուար շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ “Ֆիլոքսէնիա” միջեկեղեցական ընկերակցութեան ձմեռային հանդիպումը, որ այս անգամ նուիրուած էր հայկական մշակոյթին, պատմութեան եւ եկեղեցիին։ 

Առաջնորդարանի կողմէ հանդիպման մասնակցեցան հիւսիսային Գերմանիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրաչ քհնյ. Պիլիճիեանը եւ բրշ. Սայաթ Սրկ. Պօյաճեանը։

Հանդիպման առաջին օրը երեկոյեան Սայաթ Սրկ. դասախօսեց Հայոց պատմութեան եւ եկեղեցիին մասին։

Երկրորդ օրը առաւօտեան վանքի եկեղեցւոյ մէջ Տէր Հրաչի կողմէ մատուցուեցաւ Սբ. Պատարագ, որուն ներկայ էին Համպուրկէն ժամանած հայ համայնքայիններ, Ասորի֊Ուղղաբար քոյր եկեղեցւոյ երկու քահանաներ իրենց համայնքայիններով, վանական հայրեր եւ բազմաթիւ գերմանացիներ։

Նոյն օրը կէսօրէ ետք հայկական եկեղեցական եւ աշխարհիկ երգերով ելոյթ ունեցաւ մեծամասնութեամբ գերմանացիներէ բաղկացող “Գաիանէ” երգչախումբը։

Մասնակիցները հանդիպման ընթացքին առիթն ունեցան մօտէն ծանօթանալու հայոց պատմութեան, մշակոյթին եւ եկեղեցիին։

Սկզբնաղբյուր՝ armchurch.info։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում