Հարցազրոյց Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Միութեան (ACYA) Ատենապետուհի Իզապէլ Մարգարեանի Հետ

Հարցազրոյց Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Միութեան (ACYA) Ատենապետուհի Իզապէլ Մարգարեանի Հետ

Եկեղեցւոյ շրջապատէն ներս երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներն են Իզապէլ եւ Նաթալի Մարգարեան քոյրերը, որոնք գրեթէ ամէն շաբաթ կարելի է եկեղեցի տեսնել՝ գործի վրայ միշտ: Մեծ հայրերը՝ Յովհաննէս Մարգարեանն ու հանգուցեալ Բիւզանդ Քէշիշեանը միշտ եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի նպաստ գործունէութիւն տարած են իրենց տիկիններուն՝ Վիլմա Մարգարեանի եւ Էօժէնի Քէշիշեանի հետ: Իզապէլի ծնողքը՝ Ճոնն ու Թալինը՝ մէկական սիւն են Առաջնորդարանի եւ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ: «Պտուղը ծառէն հեռու չիյնար» առածին կենդանի փաստն է Մարգարեան ընտանիքի երեք սերունդները:

Փարոս (Փ) – Հիմա որ ձեր գերդաստանին մասին քու գիտցածդ քեզի պատմեցի սիրելի Իզապէլ, դուն ալ դուն զքեզ ներկայացուր, ուսում, դպրոց, ապագայ ծրագիր, նշանուի՞լ, ամուսնանա՞լ, կանուխ է, ուշ է, եւայլն….

Իզապէլ Մարգարեան (ԻՄ) – Շնորհակալ եմ նախ որ Փարոսը ինծի առիթ տուաւ որ Երիտասարդութեան մասին խօսիմ: Շրջանաւարտ եմ Wonoona Աղջկանց Երկրորդական Վարժարանէն: Մէկ տարի աշակերտած եմ Տիկին Զարուհի Մանուկեանին Չացուուտի Լեզուներու դպրոցին մէջ սակայն Հայերէնը չեմ ընտրած HSCի նիւթ: 2017ի աւարտին վկայուեցայ որպէս փաստաբան Մաքուարի Համալսարանէն եւ արդէն գործի սկսած եմ: Գրած թէզս Arbitrationի մասին էր, որ դժուար նիւթ մըն է եւ որ զիս Պատուոյ Ցանկին արժանացուց: Փոքր տարիքէս եղած եմ Ս. Քառասուն Մանկանց Երգչախումբին մէջ մինչեւ օրս: Մեծ ծնողներս եւ ծնողքս մեզ միշտ քաջալերած են եկեղեցի երթալ եւ աշխատանք տանիլ եկեղեցւոյ համար: Ընկերներուս եւ ընկերուհիներուս հետ մեծցանք երգչախումբին մէջ եւ սիրեցինք եկեղեցին: Հիմա երիտասարդ ենք եւ մտանք երիտասարադականի մէջ: Սրբազան Հայրը իր քարոզներով կը քաջալերէ Հայ մայրերը որ նուազագոյնը 4 զաւակ ունենան: Ապագային կը փափաքիմ ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ: Սրբազան Հօր խրատը ճիշտ է:

Փ – Կրնա՞ս մեր ընթերցողներուն կարճ բացատրութիւն տալ Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Միութեան եւ անոր գործունէութեան մասին :

ԻՄ – Այժմ մեր խումբը կը բաղկանայ 14 երիտասարդներէ: Ունինք 4 վարչականներ: Յետագային երբ խումբը մեծնայ այլ ձեւով պիտի ըլլայ կազմակերպական կեանքը: Երկու շաբաթը անգամ մը 14 անդամները ժողովի կը նստին եւ կը կատարեն գործի բաժանում: Մեր կատարած աշխատանքներէն վերջինը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր: Տօնեցինք Սուրբ Սարգիսի Տօնը մօտ 70 անձերու մասնակցութեամբ: Բացի մեր խումբէն մասնակցեցան ՀՅԴի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) անդամներ ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄի Երիտասարդականի ( AGBU Youth) անդամներ: Ներկայ էին նաեւ երիտասարդներ, որոնք որեւէ միութեան չեն մասնակցիր: Շատ ընկերային մթնոլորտ էր: Սրբազան Հայրն ալ իր երկլեզու ոգեւորող խօսքով ու զուարթամտութեամբ շատ հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց: Պատրաստած էինք Ս. Սարգիսի դաստիարակչական վիտէօ մը որ Ֆէյսպուքով սփռեցինք:

2017ին եւ 2018ի սկիզբը պատրաստեցինք մի քանի դաստիարակչական բնոյթ կրող վիտէօներ ինչպէս Տեառնընդառաջի եւ Բուն Բարեկենդանի մասին եւ յայտարարեցինք ՖՊով: Շատ լաւ ընդունուեցաւ այս: Աստուծոյ կամքով պիտի շարունակենք այս աշխատանքը եւ կը ծրագրենք այս տարուան մէջ պատրաստել 5 վիտէօներ բացատրելու համար 5 Տաղաւար տօները Հայ եւ ոչ Հայ երիտասարդութեան: Ինչպէս անցեալ տարի այս տարի եւս պիտի կազմակերպենք Dusk Service, որուն ընթացքին պիտի բացատրենք Սուրբ Պատարագը այդ գիշեր հաւաքուած հաւատացեալներուն եւ վիտէօ պիտի պատրաստենք ատոր մասին:

Յայտնեմ, որ անցեալ տարուան Dusk Serviceին ներկայ եղաւ երիտասարդ մը, որ քաջալերուելով այժմ մեր խումբին աշխուժ աշխատակիցներէն մին է: Տարին անգամ մը կ’ունենանք մեր դաշտապտոյտը ՀԲԸՄի երիտասարդներուն հետ: Միւս կողմէն 2 շաբաթը անգամ մը մասը մենք կը բաժնենք հաւատացեալներուն:

Փ – Չորս երիտասարդական միութիւններ կը գործեն Սիտնիի մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը AYF, Հայ Համալսարանականներու Միութիւնը (ASA), ՀԲԸՄի Երիտասարդներ (AGBU-Youth) եւ ՀԵԵՄը (ACYA): Հարեւանցիօրէն տեղեակ եմ նաեւ որ միացեալ ձեռնարկներ ալ կազմակերպած էք: Ինչ տեղեկութիւն կրնաս տալ մեր ընթերցողներուն ձեր միացեալ գործունէութեան մասին, կը շարունակուի՞ միացեալ գործը, ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնես:

ԻՄ – Հայ երիտասարդութեան Համագործակցութիւնը խիստ կարեւոր է: Եկեղեցւոյ երիտասարդութիւնը այդ մթնոլորտը պէտք է ստեղծէ եւ կը փորձէ ստեղծել, որովհետեւ եկեղեցին համախմբող է: Բոլոր միութիւնները իրենց նպատակները ունին սակայն նպատակ մը կայ որ բոլորինն է, այն ալ Հայաստանի եւ Արցախի կողքին ըլլալն է: Ասոր համար Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան հաւաքոյթ մը կազմակերպեցինք, որուն մասնակցեցան ձեր յիշած երիտասարդական միութիւնները: Հազարաւոր տոլարներ հաւաքուեցան, որոնք պիտի ուղարկուին Արեւիկ մանկական հիւանդանոցին: Իսկ մեր ապագայ ծրագիրներէն մին է յաջողցնել միջ քրիստոնէական երիտասարդներու հաւաք (Հայ, Ղպտի, Ասորի եւ այլք): Մեծ յոյս ունինք որ պիտի յաջողինք կազմակերպել զայն Էտկարեան սրահին մէջ, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները ընդարձակենք: Մենք տեղեակ ենք որ դուք եւ Սրբազանը Էքիւմէնիք մեծ աշխատանք կը տանիք եւ Հայ եկեղեցին քրիստոնէական մեծ ընտանիքին մէջ գործունեայ է: Մենք ալ երիտասարդական մակարդակով պիտի ընենք նոյնը:

Փ – Վստահաբար բաւական ծրագիրներ ունիք ձեր մտքերուն մէջ: Ձեր Youth Coordinator Տոքթ Արմիկ Քոչարեանցը Փարոսի Դեկտեմբեր 2017 թիւին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ կ’ըսէր «ACYAը գործնական աջակցութիւնը կը վայելէ Առաջնորդարանին, Առաջնորդին, Թեմական թէ Ծխական Խորհուրդներուն»:Ծխական Խորհուրդը եւ Թեմական Խորհուրդը ինչպէ՞ս նեցուկ կը կանգնին ձեզի: Ի՞նչ պահանջք ունիք անոնցմէ:

ԻՄ – Իրականութիւն է որ Երիտասարդական Միւոթիւնը մեծ յարգանք եւ գուրգուրանք կը վայելէ բոլորին կողմէ: Կը զգանք որ մարդիկ ուրախ եւ հպարտ կը զգան մեզմով ըլլան Խորհուրդները ինչպէս նաեւ Յանձնախումբերու մէջ գործող տիկինները: Ծխական Խորհուրդը արդէն Տոքթ Արմիկը նշանակած է որպէս պատասխանատու, ան մեծ օգտակարութիւն կը բերէ մեր ճիշտ աշխատանքին: Թեմական Խորհուրդը պիւտճէ ունի մեզի համար, մեզ կը քաջալերէ իր Պատգամաւորական Ժողովներուն հրաւիրելով եւ մեր խօսքը լսելով: Մենք շատ շնորհակալ ենք այս համագործակցութեան համար:

Փ – Ի՞նչ պատգամ կը փափաքէիք տալ մեր ընթերցողներուն, որոնց թիւը աւելի քան 1200 է այժմ:

ԻՄ – Կը խնդրեմ ընթերցողներէն որ երիտասարդութեան նեցուկ կանգնին, որովհետեւ մենք ենք եկեղեցւոյ ապագան: Փարոսի միջոցաւ թող տան մեզի իրենց խորհուրդները եւ աաջարկները: Ուրիշ խնդրանք մը ունիմ պատասխանատու մարմիններուն, մեզի պէտք է գրասենեակ մը, ուր կրնանք հաւաքուիլ եւ մեր ժողովները ընել: Այս մասին խօսած ենք եւ կը յուսանք որ նոր Առաջնորդարանի աւարտէն ետք այդ հարցն ալ կը լուծուի:

Փ – Շնորհակալ եմ Իզապէլ այս շահեկան հարցազրոյցին համար: Պիտի խնդրեմ որ Փարոսը նկատէք նաեւ երիտասարդութեան թերթը եւ քու միջոցաւ կոչ կ’ուղղեմ միւս եկեղեցիներուն շուրջ գտնուող երիտասարդութեան, որ իրենց լուրերը եւ ծրագիրները ուղարկեն Փարոսին որպէսզի մեր բազմացող բաժանորդները աւելի մօտէն կարենան ծանօթանալ Հայ Եկեղեցւոյ ապագան նկատուած երիտասարդութեան:

Հարցազրոյցը վարեց Նշան Պասմաճեան

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում