Ապրիլ 15-ին պիտի ընտրուի Գերմանիոյ նոր Թեմակալ Առաջնորդը

Ապրիլ 15-ին պիտի ընտրուի Գերմանիոյ նոր Թեմակալ Առաջնորդը

Կիրակի, 15 Ապրիլ 2018, պիտի ընտրուի Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան նոր Թեմակալ Առաջնորդը: Թեմի Կանոնադրութեան համաձայն Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի կողմէ վաւերացուած թեկնածուական եռանուն ցանկի վրայէն:

Ո՞վ կ’ընտրէ Թեմակալ Առաջնորդը:

Առաջնորդը կ’ընտրուի Թեմական-Պատգամաւորական-Ժողովի (ԹՊԺ) կողմէ, որը ընտրութեան համար կը հրաւիրուի արտահերթ նիստի: ԹՊԺ-ը կը բաղկանայ Թեմին մէջ պաշտօնավարող հոգեւորականներէն, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի կապուած համայնքներու վարչութեանց ատենապետներէն եւ թեմական պատգամաւորներէ, որոնք կ’ընտրուին Համայնքային-Անդամական Ժողովներու ընթացքին:

Ինչպէ՞ս կ’ընտրուի Թեմակալ Առաջնորդը:

Թեմակալ Առաջնորդը կ’ընտրուի գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ներկայ պատգամաւորներու նուազագոյն երկու-երրորդին ձայներու մեծամասնութեամբ:

Ի՞նչ կը պատահի ընտրութենէ ետք:

Ընտրութեան արդիւնքը անմիջապէս կը ներկայացուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հաստատման խնդրանքով: Նորընտիր Առաջնորդը կը ստանձնէ իր պաշտօնը Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հաստատուելէ յետոյ:

Սկզբնաղբյուր՝ armchurch.info։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում