Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած է Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ

Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած է Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ

Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս համայն հաւատացեալներուն, թէ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան, որ 14 տարիներ Գանատահայոց Թեմէն ներս ծառայած է որպէս Հոգեւոր Հովիւը Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած է Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ։

Տէր Հայրը երկար տարիներու վաստակ եւ փորձառութիւն ունեցող հոգեւորական մըն է։ Գանատայի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին նախաձեռնած է բազմաթիւ աննախադէպ ձեռնարկներ, հիմնած է նորանոր յարակից մարմիններ, ծրագրած է երիտասարդական նոր շարժումներ, կազմակերպած է բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ դէպի Մայր Հայրենիք եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Աւազանի անունով Սարգիս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1993ին Սարկաւագ ձռնադրուած է Գերշ. Տ. Անանիա Եպիսկոպոս Արապաճեանի ձեռամբ։ Իսկ Սեպտեմբեր 26ին, 1999 Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի ձեռամբ Քահանայ ձեռնադրուած եւ օծուած է Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ վերանուանուելով Տ. Վազգէն Քահանայ։ Տէր Հայրը 1999-2003 որպէս Հոգեւոր Հովիւ ծառայած է Լավալի Հայց. Եկեղեցւոյ, իսկ 2003-2017 ծառայած է որպէս Հոգեւոր Հովիւը Մոնթրէալի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ։

Լիայոս ենք, որ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան շնորհիւ իր հարուստ գիտելիքներուն, հովուական ծառայութիւններուն եւ վարչական կարողութիւններուն, նոր ոգեւորութեամբ պիտի լծուի Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ առաւել բարգաւաճման եւ պայծառացման։

Սկզբնաղբյուր՝ armchurch.info։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում