Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Անթիլիասին մեջ

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Անթիլիասին մեջ

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնները սկիզբ առած էին Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ին եւ շարունակուեցան Կիրակի, 15 Ապրիլ 2018-ին Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցման ընթացքին՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ Հայրապետական թափօրով։ Վեհափառ Հայրապետը Ամպ Հովանիին ներքոյ Ս. Սեղանին սպասարկող ամբողջ շքախումբով, մուտք գործեց Մայր տաճար՝ մատուցելու Ս. եւ Անմահ Պատարագը եւ կատարելու ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը։ Օրուան Պատարգաի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։

Պատարագի ընթացքին ընծայեալները ծնկաչոք հրաժարեցան աշխարհէն եւ կոչուեցան եպիսկոպոսութեան կարգին։ Ապա, սրբալոյս Միւռոնի հեղումով եւ «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, Նորին Սրբութիւնը օծեց ընծայեալներուն ճակատները եւ աջ ձեռքին բթամատը եւ անոնց յանձնեց եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին։ Աւարտին Հայրապետը ընծայեալներուն կուրծքերը զարդարեց պանակէով։

Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Առաջին հերթին Արամ Ա. Հայրապետը իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց չորս ընծայեալներուն եպիսկոպոսական ծառայութեան միանալուն կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ սա ուրախութիւն է հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրելէ ետք կարողացած է վերանորոգ ոգիով ու հաւատքով շարունակել իր առաքելութիւնն ու ծառայական կեանքը։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղելով նորաօծ եպիսկոպոսներուն կարեւորութեամբ շեշտեց երեք կէտեր, որոնք հիմնականօրէն կ՚ընդծէին հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու հրամայականը։ Հայրապետը նորաօծ եպիսկոպոսներուն թելադրեց հայ եկեղեցին ունենալ իրենց կեանքի առանցքը եւ յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին շէնք չէ, այլ Քրիստոսի մարմինն է, իսկ անոր դերակատարութիւնը սովորական դերակատարութիւն չէ եւ չէ եղած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը շարունակեց՝ ընդգծելով, որ եկեղեցին ծառայութիւն է եւ ոչ՝ իշխանութիւն. «հետեւաբար ծառայութիւնը պէտք է դառնայ ձեր կեանքի առաքելութեան ուղին», յայտնեց ան։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց նորընծայ եպիսկոպոսներուն, թէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները պէտք է դառնան իրենց կեանքի մղիչ ոյժը ու նպատակը։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ խնդրելով Անկէ, որ նորաօծ եպիսկոպոսները վերանորոգ հաւատքով լծուին ժողովուրդին ծառայութեան ու նոր իրագործումներով արժեւորեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին ծառայական երթը։

Քարոզէն ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, միաբան հայրերն ու բոլոր հոգեւորականները, խորան բարձրանալով շնորհաւորեցին նորաօծ եպիսկոպոսները՝ համբուրելով անոնց միւռոնուած ճակատները եւ ձեռքերը։

Աղբյուր՝ armchurch.info։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում