«ՄԵՐ ԾՐԱԳՐԻ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԿԱՊԵԼ»

«ՄԵՐ ԾՐԱԳՐԻ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԿԱՊԵԼ»

Երիտասարդութիւնը առհասարակ ազգի մը կենսունակութեան աղբիւրը նկատուած է, մինչդեռ ան է՛ նաեւ ազգային գործադիր ուժը, անոր յառաջդիմութեան ու զարգացման կարելիութիւններու շտեմարանը։ Երիտասարդնե՛րն են եղած պայքարներու առաջին ճակատը նետուողները, ազգային իտէալներու իրագործման ճիգին մէջ ամէնէն սուղ զոհաբերում բերողները։

Այս մտորումներով տոգորուած, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը մշտապէս մեծ տեղ տուած է երիտասարդութեան, փորձած է ներգրաւել երիտասարդները Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն ներս, հաւատալով՝ որ Երիտասարդութիւնը Եկեղեցւոյ համար աւիշ է, որուն միջոցաւ ան կը սնանի, կþուռճանայ եւ կը դառնայ կենսունակ ու գործօն։

Արդարեւ, «Քրիստոնեայ Երիտասարդական Առաքելութիւն դէպի Հայաստան» ծրագիրը հիմնուած է 1992-ին, Գանատայի մէջ, Յովնան Սրբազանին մտայղացմամբ։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ ընտրուելէ ետք, Սրբազանը սոյն ծրագիրը նաեւ այս Թեմի մէջ ներմուծեց։ Առաքելութեան նպատակն է մեր Թեմի երիտասարդներուն առիթ ընձեռել Հայաստան այցելելու, այնտեղ հայրենաշինական աշխատանքներու մասնակցելու, բարեգործական ծրագիրներ իրագործելու, կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնելու, դասաւանդելու, բնակարաններու շինարարութեանց աշխատանքներուն մասնակցելու…։

2017-ի մասնակիցներէն Աննա Մուրատեանց իր զգացումներն ու ապրումները կը բնութագրէ՝ ըսելով. «Ճանապարհորդութիւնը եզրափակելու համար մենք Ծիծեռնակաբերդ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան այցելեցինք, որոնք ինծի հասկցուցին, որ մեր երակներու մէջ անցնող արիւնը հազուագիւտ արժէք մըն է, որոնց համար մեր նախնիք նահատակուեցան եւ մահը ցմրուր ըմպեցին։ Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է, որ Հայաստանը մեր մէջ մարմնաւորենք՝ իր ջերմութեամբ եւ պայքարով՝ գոյատեւելու եւ աւելի բարգաւաճ Հայաստան ունենալու համար։ Մէկ ամիս Հայաստանի մէջ ըլլալ՝ կը նշանակէ հայ մշակոյթին եւ հայ հաւատքին ընդելուզուիլ եւ զանոնք մեր ողջ կեանքի ընթացքին ապրիլ ու ապրեցնել»։

Այս առաքելութիւնը 14 տարիներէ ի վեր իր ծրագիրները կիրագործէ, որուն մասնակցութիւն բերած են աւելի քան 130 մասնակից երիտասարդներ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, իրենց մէկամսեայ հայրենիք կատարած այցելութեան ընթացքին, հայրենի հողի շունչով զսպանակուած, հայ հողի սրտի տրոփիւնը եւ հայ հողի կեանքի շունչը իրենց ներսիդին ու մաշկին վրայ զգեցած, իրենց հոգեւոր, մշակութային, պատմական պապակը յագեցուցած՝ վերադարձած են իրենց բնակավայրերը, իրենց հոգիին մէջ վառ պահելով հայ ոգին ու շունչը։

Ծրագրի պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան մեր հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին ծրագրի գործունէութիւնը այսպէ՛ս բնորոշեց. «Մեր ծրագրի նպատակն է Սփիւռքի մեր երիտասարդները կապել իրենց հայրենիքին ու Մայր Եկեղեցուն։ Այդ մէկ ամսուայ ընթացքում եւ ուխտագնացութեամբ մենք կարողանում ենք իրենց առջեւ բացել հայրենիքի ու Մայր Եկեղեցու կարեւորութիւնը։ Ծրագրի շրջանակներում երիտասարդները նաեւ մասնակցում են ծառայողական ծրագրերի, ուր ապրում եւ շփւում են հայրենիքի գիւղական շրջաններում ապրող մեր ժողովրդի հետ։ Երբ երիտասարդները ապրում են այդ մարդկանց հետ, ճիշդ են հասկանում եւ իւրացնում այդ ժողովրդի դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայրենիքի օրհնութիւնները։ Իսկ երբբ վերադառնում են իրենց համայնքները, արդէն դարձած կը լինեն դեսպանները իրենց հայրենիքին ու Եկեղեցւոյ։ Յովնան Սրբազանը միշտ կարեւորած է երիտասարդութեան մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը մեր Եկեղեցւոյ կեանքում։ Անոր համար երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն մեր ապագան է, այլեւ՝ ներկան»։

Այս տարի եւս, Յուլիս ամսուայ ընթացքին տասնեակ երիտասարդներ «Քրիստոնեայ Երիտասարդական Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան» ծրագրի միջոցաւ պիտի այցելեն իրենց հայրենիքը՝ իրենց սեփական աչքերով տեսնելու անկորնչելի մեր գանձերը, պատմութիւնը եւ աւելի եւս ծանօթանալու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանանքին ու վարդապետութեան։

Ահա ա՛յս նպատակները կը հետապնդէ «Քրիստոնեայ Երիտասարդական Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան» ծրագիրը՝ երիտասարդները Եկեղեցիին աւելի կապելու համար։ Ինչպէս որ արտաքին աշխարհը, նոյնքան եւ Եկեղեցին կարիքը ունի նոր ու թարմ ուժի։ Եկեղեցին կարիքն ունի կազմաւորման, ինչպէս կեանքի միւս բոլոր բնագաւառները։ Եկեղեցին կարիքն ունի կենդանի մնալու եւ գոյատեւելու, ինչպէս ամէն գոյակ։ Եկեղեցին կարիքն ունի երիտասարդութեան՝ երիտասարդացնելու համար ինքզինք։ Եկեղեցիէն ներս որքան աւելի երիտասարդութիւն թափանցէ, այնքան աւելի կենսունակ օրեր ու շողշողուն ապագայ մը կþունենայ ան քրիտոսաւանդ ծառայութեան մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ Եկեղեցին աստուածահիմն հաստատութիւն է՝ Քրիստոսի վրայ հիմնուած եւ Անով առաջնորդուող։

Աղբյուր՝ armchurch.info։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում