Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով

Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով

Ամէն տարի, Աւագաժողովի (Senate) նախագահի հովանու ներքոյ Օթթաուայի մէջ կը կազմակերպուի Ազգային Աղօթքի Նախաճաշ, ուր Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունին տակ կը հաւաքուին հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչները։

2006 թուականէն սկսեալ՝ Ազգային Աղօթքի Նախաճաշի զուգահեռ կը կազմակերպուի նաեւ Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովը (նախապէս ճանչցուած որպէս Ազգային Ուսանողներու Ատեան), ուր երիտասարդներուն համար կը ստեղծուի՝ Գանատայի Խորհրդարանի շրջանակներէն ներս ծառայող անձերու հետ հանդիպելու հնարաւորութիւն։

Ժողովը կլոր սեղանի շուրջ կը ստեղծէ՝ դպրոցներու, եկեղեցիներու, քաղաքականներու կամ հանրային ոլորտի մէջ հաւատքը զօրացնելու նշանակութեան իմաստը բացայայտել աջակցող քննարկումներուն մասնակցելու առիթ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ՝ 2018 թուականը հռչակուեցաւ «Երիտասարդներու Տարի»։ Այս առիթով, առ ի քաջալերանք, Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանն իր օրհնութիւնը բերաւ Գագաթաժողովին մասնակցող երիտասարդներուն։

6-8 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցած Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովին մասնակցեցան Լորիս Աճտերեանն ու Տաուտ Պհաթին։ Անոնց մասնակցութիւնն իրականացաւ՝ Տիար Լեւոն Աֆեանի եւ Տիար Սերժ Ֆրամանի աջակցութեան շնորհիւ։

Գագաթաժողովի 3 օրերու ընթացքին, Լորիսն ու Տաուտն առիթ ունեցան ոչ միայն Գագաթաժողովին, այլեւ Ընթրիքին (Leadership Dinner) եւ Ազգային Աղօթքի Նախաճաշին (National Prayer Breakfast) մասնակցելու։

Ապագային, Գանատահայոց Թեմը պիտի շարունակէ սատարել երիտասարդներուն, որ մասնակցին Խորհրդարանի երիտասարդական այս կարեւոր ծրագիրին։

Աղբյուր՝ armchurch.info։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում