Մուշեղ Իշխան․ Բանաստեղծություններ

Մուշեղ Իշխան․ Բանաստեղծություններ

Տարօրինակ Մարդ Արարած

Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Մոմի լոյսով՝ խաւարի մէջ համատարած,
Կը հալածես դու տեսիլքներ արեւավառ,
Կը խարխափիս եւ խաւարին չես հաւատար…

Արցունքներուդ միգամածին խորին տմոյն
Գիտես նայիլ արշալոյսի ճաճանչներուն,
Սուգի քօղի տակ յուսալից դուն սիրահար՝
Կը տառապիս եւ վշտերուդ չես հաւատար…

Վզիդ շղթայ եւ թեւերուդ ծանր կապանք՝
Դուն կը փորձես արծիւներուն վայել ճախրանք,
Եւ այս կեանքի մեծ բանտին մէջ բազմակամար,
Դուն կը խեղդուիս՝ շղթաներուդ չես հաւատար…

Փուշ ու տատասկ քեզ կ՛արիւնեն ճամբուդ վրայ,
Բայց խոցոտուած քու մատներովդ արիւնլուայ,
Դուն կ՛որոնես ծաղիկներու հոգին պայծառ,
Ցաւէդ կ՛ոռնաս եւ ցաւերուդ չես հաւատար…

Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Քու ձեռքերովդ հողին կու տաս կեանքեր ծաղկած,
Կը զգաս դէմքիդ մահուան քամին եւ հողմավար,
Կ՛իյնաս անշունչ, սակայն մահուան չես հաւատար…
Աշխարհի Ցաւով

Սիրտս կ՛արիւնի՛ աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:

Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց,
Եւ նոր ոճիրներ իմ շուրջն ու հեռուն
Կը ծնին մարդիկ՝ արիւնով հարբած:

Գլուխս ինչպէ՞ս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անգին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:

Սուրի ու սովի կր դառնան աւար
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն
Եւ ոտքի կոխան՝ հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:

Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան
Որբի մը բերնէն պատառը հացին:

Աստուա՛ծ իմ, որքա՛ն անարդար վճիռ.
– Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
– Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս…

Օրօր

Օրօ՜ր, տղա՛ս, օրօր ըսեմ քնանաս,
Համբոյրիս տակ փակես աչքերդ ու բանաս.
Քունդ ոսկի երազներով քաղցրանայ,
Կեանքդ ամբողջ շքեղ երազ մը դառնայ:

Դո՛ւն ես մեր տան լուսեղէն սիւնը միակ,
Ժառանգն անթիւ մեռելներուս նահատակ.
Բարձիդ վրայ, տե՛ս, երկնքէն կը հակին
Հրեշտակաթեւ անոնց կարօտն ու հոգին…

Օրօ՜ր, տղաս, օրօր ըսեմ քնանաս,
Դժոխալուր ձայնն աշխարհի չիմանաս.
Մութ է այսօր, ամէն կողմ ծուխ ու կրակ,
Բայց կը բացուի վաղը պայծառ արեգակ:

Արժէ՜ ապրիլ, տեսնել երկիրն այս աղուոր
Եւ լեռներու դառնալ խիզախ ուղեւոր.
Որքան գանձեր կեանքը կրնայ քեզի տալ,
Որքա՜ն վարդեր՝ փուշերու մէջ կորուսեալ…

Ննջէ անհոգ, եւ արցունքի ոչ մէկ շիթ
Չպղտորէ աչքերուդ լիճը վճիտ.
Ջերմ հաւատքի հովերը լոկ ոգեշունչ
Ըլլան շոյանք ու թեւածեն ճակտիդ շուրջ…

Օրօ՜ր, տղա՛ս, օրօր ըսեմ՝ շուտ մեծնաս,
Անմահ փառքի դափնիներուն տիրանաս.
Օր մը յանկարծ քեզմով իմ տունըս շէննայ
Եւ հայրենիքն ալ քու անուամբ պարծենայ:

Տաղ Լիբանանին

Հալածական ու տարագիր որբ մանուկ՝
Հեռուներէն քեզի եկայ, Լիբանա՛ն.
Եւ դուն ինծի բացիր քու գիրկդ տաքուկ
Գուրգուրանքով մայրական:

Հայ տուներու, հայ գիւղերու հրդեհէն
Այրած բիբերս ագահօրէն ըմպեցին
Անդորրն անհուն եւ ժպիտներն ոսկեղէն
Քու կապուտակ երկինքին:

Ու ես գտայ իմ ծարաւիս դէմ անծիր
Կարկաչն անուշ քու լուսաբուխ ջուրերուն.
Իմ սովատանջ քաղցիս առջեւ դուն բացիր
Մրգաստաններդ բեղուն:

Երկի՜ր լոյսի եւ սիրառատ բարութեան,
Օրհնեա՜լ երկիր հնադարեան հաւատքի,
Ուր գեղակերտ լեռներ երկինք կ՛ամբառնան
Իբրեւ աղօթք վիթխարի…

Յաւերժական մայրիներուդ շուքին տակ,
Սոճիներուդ կանանչին մէջ թաւշային,
Վերագտայ իմ սէրերուս հետ անյագ
Կեանքի վսե՜մ մեղեդին:

Ծով ու արեւ՝ երկու աստուած, երկու սէր,
Քեզ կը գգուեն, քեզ կը ցանկան յաւիտեան.
Եւ դուն անոնց տարփանքին մէջ տարուբեր՝
Յաւերժահա՜րս դիւթական…

Քա՜ղցր է շնչել, մայրիներուդ բոյրին պէս,
Քու համասփիւռ ազատութիւնդ ամէն օր,
Զոր ես կը զգամ դէմքիս վրայ եւ կարծես
Սարերուդ շունչն է հզօր:

Ես կը սիրեմ ճակատը սէգ Սանինի,
Հայրենական ինչպէս իմ լեռն Արարատ
Եւ հողդ սուրբ այդ իմ սրտիս կը խօսի
Հայ հողին չափ հարազատ:

Քեզ արեւող ամէն մէկ փառք ու ժպիտ
Իմ օրերուս եւ իմ վրաս կը ծագին,
Եւ ամէն վէրք որ կը բացուի քու կուրծքիդ՝
Կ՛արիւնէ սիրտըս ուժգին:

Զի ես ահա, իմ բազուկով շինարար,
Քու պատմութեան ճամբուն վրայ, Լիբանա՛ն,
Զաւակներուդ հետ կը կերտեմ քար առ քար
Քու լուսաշող ապագան:

Դուն Միացար Մեր Հողին

Մայր իմ՝ արեւ ու հեռանուշ լուսնկայ,
Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին,
Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ,
Քիչ մ՛աւելի անուշցաւ…

Մայր իմ՝ երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս,
Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր,
Եւ հողը սուրբ՝ լուսապսակ պապերուս
Քիչ մ՛աւելի սրբացաւ…

Մայր իմ, դուն գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք,
Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան,
Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջքին տակ
Քիչ մ՛աւելի աճեցաւ…

Մայր իմ՝ աղբիւր անհաս հրաշքին,
Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղին տակ,
Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողին
Քիչ մ՛աւելի մայրացաւ…

Մայր իմ՝ երդիք, մայր իմ՝ սեղան տոհմական,
Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի,
Քեզմով հիմա աշխարհն հայոց աննման
Քիչ մ՛աւելի հայեացաւ…

Երգը Խղճի

Վախցիր երբ սիրտդ կ°արիւնի,
Վէրքը խղճի չունի դարման,
Օր ու գիշեր պիտի բանի.
Մինչեւ հատնի կեանքի ճամբան:

Քեզ չեն կարող էլ վշտակցել,
Խիղճդ ծակող ցաւի համար,
Խղճի արեան ամէն կաթիլ
Կ՛իյնայ ծածուկ եւ աննշմար:

Վախցիր երբ սիրտդ անբասիր,
Մեղապարտի պէս կ՛արիւնի
Եւ կ°դառնայ տէր ու դպիր
Կեանքն արիւնող ամէն ցաւի:

Աչքերիդ դէմ խղճահարի
Պիտի յորդի մեղքը մարդոց,
Պիտի քայլի զօրքը չարի.
Աշխարհի մէջ տառապակոծ:

Վախցիր երբ դէմքդ է միշտ ժպտուն,
Բայց կ°արիւնի խիղճդ ներսէն,
Երբ կը կիսես հացը մարդուն,
Բայց արեան համ կը գայ հացէն:

Ո՞ւր Մնաց

Լեռներ կային սէգ, լեռներ գեղատես,
Հեքիաթի կախարդ հսկաներ կարծես…
Լեռներն հոն են միշտ, գիւղին շուրջ կանգնած,
Հեքիաթն ո՞ւր մնաց…

Սօսի մը կար ծեր, դարերու ծնունդ,
Եւ իր հովանին՝ սրբազան խորհուրդ…
Սօսին հոն է դեռ, միշտ թեւատարած,
Խորհուրդն ո՞ւր մնաց…

Լուսաբուխ եւ ջինջ աղբիւր մը կար պաղ,
Իր կարկաչին մէջ՝ սիրոյ հազար տաղ…
Աղբիւրն այնտեղ միշտ կը հոսի անդարձ,
Տաղը ո՞ւր մնաց…

Կային զմրուխտեայ պարտէզ եւ այգի,
Կային յակինթներ, ողկոյզներ ոսկի,
Այգին հոն է միշտ, խաղողն ալ հասած,
Ոսկին ո՞ւր մնաց…

Կածան մը կար նեղ, լերան փէշերուն,
Ուրկէ կը քալէր երազ մը ժպտուն…
Կածանն այդ նորէն կ՛իջնէ լեռնէն ցած,
Երազն ո՞ւր մնաց…

Տղայ մը կար խենթ, սիրահար պարման,
Սիրով արբեցած՝ աստղերու որսկան.
Տղան հոն է, տե°ս, մազերը թափած,
Սէրը ո՞ւր մնաց…

Եթէ Կամենաս

Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս՝
Գալիքը լոյս է.
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…

Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…

Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն՝
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…

Կը Ձանձրանան

Կ՛ըսեն՝ շատ կարճ է կեանքը,
Շուտ կը կասի սրտին զարկը,
Բայց արեւուն տակ ծիրանի,
Երիտասարդ ու ծերունի
Ահա կեցած շարան-շարան
Կը ձանձրանան…

Կ՛ըսեն՝ շատ քաղցր է կեանքը
Եւ անսահման՝ երկրի փառքը,
Բայց գրկին մէջ բուրաստանի,
Ծաղիկներուն դէմ գեղանի
Մարդիկ կեցած շարան-շարան
Կը ձանձրանան…

Կ՛ըսեն՝ շատ խոր է կեանքը,
Լոյս է համակ երկնի հանքը,
Բայց կանչին դէմ ծիածանի
Եւ աստղերուն խորհրդալի
Մարդիկ կեցած շարան-շարան
Կը ձանձրանան…

Կ՛ըսեն՝ միշտ նոր է կեանքը,
Մի՛շտ կը հնչէ սիրոյ զանգը,
Բայց աներազ, առանց տաղի,
Սեղանին շուրջ հաց ու աղի
Մարդիկ ահա շարան-շարան
Կը ձանձրանան…

Տապանագիր

Երբ սիրավառ եւ հիացիկ կը նայիս դուն
Գարնան շքեղ ծաղիկներուն ու ծառերուն,
Յիշէ, որ նախ քեզմէ աոաջ ե՛ս նայեցայ,
Եւ աչքերուս լոյսը պայծառ հող է հիմա:

Աշնան հարուստ պարտէզներէն ամէն անգամ
Երբ կը քաղես միրգեր հասուն եւ մեղրահամ,
Յիշէ, որ ե՛ս քեզմէ առաջ անկէ անցայ
Եւ շրթներուս վայելքն անհուն հող է հիմա:

Երբ կը գրկես թեւերուդ մէջ դուն հեշտագին
Լուսամարմին ու վարսագեղ սիրոյ ոգին,
Յիշէ, որ նախ այդ արբեցման ե՛ս տիրացայ
Եւ ձեռքերուս հրայրքը վառ հող է հիմա:

Երբ որ շահիս բազում գանձեր ու յաղթանակ,
Եւ ճակատիդ դնեն ոսկի փառապսակ,
Յիշէ, որ նախ փառքի դափնին ե՛ս ստացայ
Եւ ճակատիս ցոլքը վճիտ հող է հիմա…

Առաջ Գիտէի

Թէ մարդիկ ինչո՞ւ կու գային աշխարհ,
Արեգակն ինչո՞ւ կը թափէր ոսկի
Ծաղկաբաց ծառի ափերուն դալար,
Ինչո՞ւ կը հնչեր երգը գետակի.
Հիմա չեմ գիտեր…
Առաջ գիտէի,
Թէ ի՞նչ կ՛ըսէին աստղերը պայծառ՝
Կախուած կամարէն անհաս երկինքի,
Թէ ո՛ւր կ՛արշաւէր վազքը տենդահար
Յաւերժագնաց մեր մոլորակի.
Հիմա չեմ գիտեր…
Առաջ գիտէի,
Թէ ինչո՞ւ մարդոց ծիծաղին յորդուն
Կը խառնուի լաց, արիւն ու արցունք,
Եւ ինչո՞ւ կեանքի հինաւուրց ճամբուն՝
Վիհին կը նայի ամէն մէկ բարձունք.
Հիմա չեմ գիտեր…
Առաջ գիտէի,
Թէ ինչ կար կեանքէն, մահէն ալ անդին,
Ի՞նչ գանձեր ծածուկ ունէր ապագան
Եւ թէ ո՞ր անսուտ, նորածագ լոյսին
Կը բացուէր յանկարծ ամէն գերեզման.
Հիմա չեմ գիտեր…

Աղբյուր՝ Անդին

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում