Պոլսոյ Պատրիարք դառնալու աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունի Սահակ Սրբազան Մաշալեանը

Պոլսոյ Պատրիարք դառնալու աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունի Սահակ Սրբազան Մաշալեանը

Սահակ Սրբազան Մաշալեան

Ըստ հրապարակուած տուեալներուն, ընտրուած է Արամ արք. Աթեշեանին աջակցող 12 պատուիրակ, իսկ Սահակ եպս. Մաշալեանին աջակցող 47 պատուիրակ:

Դեկտեմբերի 8-ին Պոլսոյ հայ համայնքը պատրիարք կ՝ընտրէր: Թէեւ պաշտօնապէս Պոլսոյ հայոց պատրիարքին անունը յայտնի պիտի դառնայ Դեկտեմբեր 11-ին իրականացուելիք ընտրութեան օրը, բայց արդէն Նախաձեռնակ մարմնի կողմէն նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք պարզ է, թէ ով ունի յաղթելու աւելի մեծ հնարաւորութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը երկաստիճան է: Նախ կ՝ընտրուին պատուիրակներ՝ հոգեւորական դասէն եւ համայնքի անդամներէն: Հոգեւորական պատուիրակները, որոնք 17 են, ընտրուած են Դեկտեմբեր 7-ին՝ ընդհանուր կրօնական ժողովին կողմէ, իսկ համայնքի պատուիրակները՝ 103 հոգի, ընտրուած են Դեկտեմբեր 8-ին:

Ըստ նախաձեռնակ մարմնի ներկայացուցած տուեալներուն՝ Դեկտեմբեր 8-ին յաղթած են նարնջագոյնները՝ պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի կողմնակիցները: Վերջինները ստացած են 9008 ձայն, իսկ մանուշակագոյնները՝ Արամ արք. Աթեշեանի կողմնակիցները, 3529 քուէ: Այս նախնական արդիւնքներէն մեկնած՝ Դեկտեմբեր 11-ին կայանալիք պատրիարքի ընտրութեան Մաշալեանին աջակից պատուիրակներուն թիւը պիտի ըլլայ 89, իսկ Աթեշեանը ներկայացնող պատուիրակներունը՝ 12, եւս մէկ հոգի ընտրուած է իբրեւ անկախ պատուիրակ: Պէտք է նշել, որ 753 քուէ անվաւեր եղած է եւ 376 հոգի դատարկ ծրար նետած է քուէատուփին մէջ՝ այդ կերպով հաւանաբար բողոք արտայայտուած է պետութեան կողմէ կիրառուած սահմանափակումներուն դէմ:

Ըստ ներկայացուած տուեալներուն՝ ընտրութեան մասնակցած է 13,704 ընտրող:

Ձայներու այս մեծ տարբերերութիւնը կը խօսի այն մասին, որ Դեկտեմբեր 11-ին անակնկալներ չեն ըլլար եւ նախնական տուեալներով ընտրուելու ամենամեծ հնարաւորութիւնը ունի Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Քաղուած «Եռագոյն »էն

09/12/2019

Աղբյուր՝ Vaticannews.va

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում