Մուշեղ Իշխան․ Քու Լեզուդ

Մուշեղ Իշխան․ Քու Լեզուդ

Ե՞րբ բխեցաւ աղբիւրն առատ իր ակէն.-
Խօսքիդ առուն կը թաւալի օրն ի բուն,
Լեզուիդ անկապ վանկերը բառ են արդէն,
Բառերը պերճ՝ յաղթանակի ղօղանջիւն:

Քու շուրթներով՝ մերթ անսայթաք, մերթ թոթով,
Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.-
Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով
Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին:

Քեզմէ առաջ հնչա՞ծ է մէկն այսքա’ն ջինջ,
Այսքա’ն քնքուշ՝ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն…
Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ
Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն:

Երբ հայերէն կը ճռուողես դուն անփոյթ,
Ես կը փակեմ իմաստութեան ամէն գիրք,
Կ’ուզէ Հանին ուտել անո՜ւշ այդ լեզուդ
Ու կը յորդի՜ լոյսերով տունըս փոքրիկ:

Ո՞վ է վարպետն ու ո՞վ աշկերտը խոնարհ
Պապենական մեր մեծասքանչ բարբառին.
Բառերն ամէն զոր դուն ինձմէ սորվեցար՝
Քու շուրթներէդ են կարծես նո՛ր կ’ուսանիմ:

Խօսէ՛, տղա՛ս, խօսէ՜ անվերջ մեր լեզուն,
Այսպէս հպարտ եւ երկիւղով սրբազան,
Եթէ յանկարծ զիս չգտնես օր մը դուն
Եւ մինչեւ իսկ շուրջդ ո՛չ ոք խօսի զայն…

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում