Զարեհ Խրախունի. Կաթիլներ

Զարեհ Խրախունի. Կաթիլներ

Երդիկներէն
Անհամար երդիկներէն մէկ հատին
Եզրին վրայ կամ ծայրին
Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպի ուրիշի մը ու
կ’ըսէ –
Գիտե՞ս ինչ բան
Քու մէջդ ինչ բան ամենէն շատ
Ամենէն շատ կը սիրեմ –
Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս…
Տանիքներէն
Բիւրաւոր տանիքներէն
Մէկուն ծայրին կամ եզրին
Ջուրի երկու կաթիլներ – կաթիլներուն պէս բոլոր
Արեւուն նոյն ճառագայթէն նետահար
Ու նորաբաց ծիածանովն արբեցած
Կը միանան իբրեւ պտուկ մը լոյսի
Կը միանան իբրեւ պտուղ երկնածին
Ու միաձոյլ- ծանրացած
Կ’իյնան հողին երջանկութեան արտասուքի պէս վճիտ
Ու մին կ’ըսէ միւս կէսին –
Գիտե՞ս ինչ բան ամենէն շատ
Պիտի ուզեմ յաջորդ անգամ
երբ աշխարհ գամ ու կաթիմ –
Յար եւ նման քեզի նման կաթիլի մը հանդիպիլ…

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում