Դանիել Վարուժան․ Ալիշանի շիրմին առջև

Դանիել Վարուժան․ Ալիշանի շիրմին առջև

Ա
Քեզի եկայ` իբր ուխտաւոր մը յոգնած,
Որ կը գըտնէ հուսկ փոխարէն իղձերուն
Շիրիմ մը` հոն ծընրադրելու սիրտը բաց,
Եւ խոկալու, համբուրելու լոյս աճիւն:

Հոս կը նընջե՜ս. Քեզ կը պատէ լըռութիւնն.
Ովկիան մ’ես` զոր կը ծածկէ այդ պատանք.
Կարմիր հըրդեհ մ’որ մոխրի տակ կ’առնէ քուն.
Հոս կը նընջես. ինչպէս հըրատն ամպին տակ:

Որթի ճիւղերն եւ ուռիներ տըխրամած`
Դեռ արձագա՛նգը քընարիդ կը պահեն.
Հովէն` կ’ողբան շիրմիդ չորս դին կամ լըռած
Շեշտէդ մնացորդ մը դարձեալ քեզ կը բերեն:
Շուրջըդ ծաւի Ադրիականն յար կու լայ,
Ուրկէ վիհեր չափեցիր դու մըտածման.
Սուրբ աճիւնիդ սափորն է այդ ծովն հիմա,
Մինչ լայն ճակատիդ լայն օրօրոցն եղաւ ան:

Ո՛չ. մարդըս չէ, լոկ բնութիւնն է` որ հանճար
Մ’օրրել կըրնայ, վերջը պատանքն իր ըլլալ.
Տիեզերքն ունի իր մարգարիտը անճառ`
Որուն կու տայ մարդ պահ մ’իր ծոցն հիւրընկալ:

Բ
Վենետիկն իր պալատներով մարմարէ
Կը ձըգէ վրադ ըստուերն իր լայն, միամած,
Բուրգի մը պէս` որուն ներքեւ կը նիրհէ
Արծիւն` ամփոփ` արեւն հոգւոյն մէջ բանտած:

Քաղաքն այդ խաժ ալիքներուն երեսին
Ցըցուած կայմին ծայրն է նաւուն ջըրասոյզ,
Արիւնաթորմ ծըւէնն է ան խլայի մ’հին,
Տոժի մը գանկն է` իր փոսէն ինկած դուրս:

Դու ներշընչուած, ահ’, այդ անգին ծըւէնէն`
Ժողվեցիր ծուէնքը Աշխարհիդ խլաներուն`
Փըլուզներու, փոշիներու ներքեւէն,
Եւ ծայրերէն քըղանցառու ցախերուն:

Ժողվեցի՜ր, վազք մ’առնելով դէպ խըլուած Փառք,
Բիբդ` արցունքոտ, սիրտդ ովկիան` վիրամած,
Եւ սըրբեցիր` զանոնք ըրած դաստառակ`
Աչքդ ու աչքե՛րը Սերունդին կեղեքուած:

Քօղէն մութի, մոռացումի, լըռութեան
Հանեցիր մեր դափնիներու թերթերն հին,
Եւ դընելով զանոնք երգի մը վրան`
Առէ՛ք, ըսիր, վիրածոր շողն Անցեալին:

Ծըռած` սըրտին հայ` սերտեցիր ու դարձար
Իւրաքանչիւր խորքն անկիւնի եւ ծալքի.
Իջար անոր ամէն անդունդն հըրավառ
Եւ քըրքրեցիր ճընշըւած խորշն արցունքի:

Ոհ՛ – Աստուա՜ծ իմ – ի՜նչ ըղեղ էր ատիկա,
Որ Տիեզերքին քամեց երակը համայն.
Յենած մարդուն, ճառագայթին, խաչին վրայ,
Գըրկեց Այրին` զոր կը կոչեն. Հայաստան:

Գ
Արծի՜ւ, որ մռայլ ամպերն հրեղէն բիբերով
Խորտակեցիր, մութին սառերն հալեցան.
Արծի՜ւ, որ մեր հոգին կարշնեղ ճապուռով
Բարձրացուցիր, չափեցիր մեր ապագան:

Ջինջ հայլի մ’ես` ուրտեղ ամէն մարդ կըրնայ
Գըտնել դիտել պատկերն իր ճիշտ, հարազատ.
Նըւագներուդ մէջ երբեմն ես քրիստոնեայ,
Զինուոր երբեմն, երբեմն մոգ, միշտ Սոկրատ:

Եւ քու կեանքիդ ու երգերուդ մէջ ամէն
Դու բանաստեղծ Նահապետն ես հոգեհմայ.
Բորբ Արշալոյս մ’ես որ կ’ելլայ ովկիանէն.
Ամպէն, մութէն` կը սըփռի Մարդուն վրայ:

Այն արշալոյսն որ իր մտածման հետ անանց
Սեւ սըքեմով մ’ամբողջապէս պատուած է.
Եւ բոցէ գլո՛ւխը սեւ գըտակ մ’է դըրած.
Գիշրուան մէջ երկինքն եւ էլ չըքնաղ չէ՞…
Մինչ այգ կ’ըլլայ օրէ օր շիթըդ լոյսի
Սա ջուրերէն անդի՜ն, անդի՜ն լեռներէն.
Մինչ սերմիդ հունձքն ալիք ալիք կը նազի,
Եւ արիւնով, լացով խայրի կը կապեն:
Դու կը նընջե՜ս, վինըդ` բարձ, փառքըդ` վերմակ,
Ըստուեր կ’ընեն վրադ դափնիները շուրջի.
Եւ խաղաղ քունըդ կը հըսկէ Յիշատակ.
Դու կը նընջե՜ս, իբրեւ ծըննդեանդ օրն առջի:

Ամէն նոր դար նոր պիտ’ բերէ քու անուն,
Եւ դու դարձեա՛լ պիտի ծընիս… սըրտի մէջ,
Ո՛հ, ո՛չ. երբեք չըվախճանիս պիտի դուն,
Զի կապեցիր կեանքդ արեւո՛ւն հետ անշէջ:
Օր մը, գուցէ, նոյնիսկ քունէ՛դ ալ զարթնուս`
Երբ հայ ճամբորդ մ’եկած դրախտի Երկրէդ` ա՛լ
Ժըպիտ բերէ քեզ` արցունքի տեղ անյոյս.
Օր մը, գուցէ, զարթնուս նոյնիսկ քունէդ ալ:
Եւ իցի՜ւ թէ. դեռ պէտք ունի Հայը քեզ.
Հայը հիւղին, բանտին, վըշտին, խաւարին.
Հայն որ` անգէտ` կը սայթաքի աղեկէզ.
Եւ Հայն որ` նենգ` կը սայթաքէ մոլեգին:
Տե՛ս, կը սպասենք ամպածըրար, տըխրունակ.
Եթէ դու չես կըրնար գալ` գէթ ղըրկէ մեզ`
Րաֆֆիէն խօսք մը կազդուրող, լուսարձակ,
Կամ սիրոյ ցոլք մ’Աբովեանի սըրտէն հեզ:
Խօսէ՛, հոգւոյս շողի, յոյսի բառ մ’յետին
Թող ցայտէ գանկըդ` որ անհուն աշխարհ մ’էր.
Միթէ սափորը դատարկուած վարդաջրին
Բուրումի հետք մ’իր կողերուն չի՞ պահեր:
Բայց կը լըռե՜ս, ո՛վ մըտածման դու հըսկայ`
Որ սփինքս դարձար երազիդ հետ, անձանձիր,
Ա՛լ չես խօսիր, մատը փառքի բերնիդ վրայ
Կարծես կ’ըսես խաղաղ ճակտով. “Հեռացի՛ր”:

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում