Սիամանթո. Հոգիս

Սիամանթո. Հոգիս

Ահաւասի՛կ հոգիիս ջահերը, որ վայրկեան առ վայրկեան
Մտածումս կ՚արեգակեն՝ զանիկա խաւարին մէջ սուզելէ յետոյ…
Հոգիս ա՛ն է, որ բիւրաւոր անգամ ձեր ամէնուն ցաւն ապրեցաւ,
Ա՛ն է, որ անդունդի մը մէջ՝ իր մոխրին վրայ ծնրադիր՝
Հարազատ ու շղթայակապ քոյրերու աքսորը կու լայ…
Հոգիս այն վա՛յրն է, ուրկէ արիւնռուշտ լուսին մը բարձրացաւ
Անմեղներու կոտորածէն ծովացեալ դաշտի մը վրայ…
Ու ա՛յն հողմակոծ անտառն է, որուն աւազաններուն շուրջ՝
Օ՜, եղբայրական արիւնի հեղեղներ կը հոսին…
Հոգիս այն երկի՛րն է, ուր որբ եւ սեւահեր տղաներու բազմութիւններ,
Անդադար սուրերու շողիւններէն հալածական,
Աղեխարշ ճիչերով փլատակներու մէջէն կը փախչին…
Հոգիս այն երկի՛նքն է, ուրկէ յոյսին բոլոր աստղերը թափեցան,
Ու այն մարմարակերտ տաճա՛րն, ուր կեանքը ծունկի եկած՝
Խելայեղօրէն Ամենագութ մահը կը պաղատի…
Հոգիս Աւետարան մըն է, որուն վրայ տժգոյն ու յուսահատ ձեռքեր
Անկարելի քաւութեան մը համար, ապարդիւնօրէն, դեղին թերթեր կը թղթատեն…
Հոգիիս մէջ երբեմն արշալոյսներ կ՚արիւնին,
Եւ պաղատող աղաղակներու անասելի համանուագ մը կ՚որոտայ.
Հոն սրածումներու աշխարհ մը կայ, ուր սարսափահար կեանքեր
Ձեր շարժումին, ձեր օգնութեան, ձեր ձայնին կը սպասեն…
Հոգիիս մէջ հերոսներու ծնունդ մը կայ եւ մեռելներու թափօր մը միանգամայն…
Հոգիս այսօր անձրեւ մըն է մորթազերծուած դիակներու վրայ
Ու նայուածք մըն է, որ անտիրական դագաղները կը թափանցէ,
Հոգիս բարկութեան ու ցասումի հով մըն է այս գիշեր,
Որուն վազքին տակ արիւնարբու ռազմագունդերը պիտի նահանջեն…
Ու բոլոր գերեզմանոցները, իրենց խորերէն, ահագնաբար,
Ձեր նայուածքներուն առջեւ՝ դէպի վե՜ր պիտի շրջին…
Որպէսզի վերջապէս ճանչնաք, ո՜վ անկարեկիր ներկաներ,
Այն բոլոր մարտիրոսները, որ ձեր բոլորին համար
Անձնուիրութեան եւ կամքի առաւօտ մը ինկան…
Հոգիս մահատեսիլ աշուն մըն է, որ այս ամէնուն վրայ
Իր մշուշը եւ իր տերեւներուն հոգեվարքը կը սրսկէ.
Բայց հոգիս եւ Կարմիր Յուսահատ մըն է, որ անընկճելի Յոյսին համար
Առաքեալի մը պէս դէպի արգասաբեր Մահը պիտի թեւէ…

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում