Վեհանոյշ Թեքեան. Խօսակցութիւն

Վեհանոյշ Թեքեան. Խօսակցութիւն

Լողաւազանին ճիշդ եզերքը, թարմ առողջ խոտերէն առաջ, երկար աթոռին վրայ երկարած էր արեւակէզ սրունքները, լողազգեստին վերնամասի կապերը իջեցուցած ուսերէն վար՝ «Սագօ՛, – կը պոռար,- շաուըրին տակէն ասդի էկուր»։ Կ՚ուղղուէի աղջկանս քով, որ ահաւասիկ կէս ժամէ աւազանին ջուրը կը լեցնէ պտըլիկ խորանարդի մը մէջ, անկէ՝ ցնցուղին, եւ ցնցուղը կը պարպէ աւազանը եզերող սիմենթին վրայ. հրճուագին համբերութեամբ պիտի պարպէ, մինչեւ որ այդ ամբողջ տարածութիւնը թաց տեսնէ։ Երբ այս կնոջ դեղին աթոռին քովէն կ՚անցնէի, ժպտեցայ իրեն. «Բարեւ,- ըսաւ, – իշտէ ինչ կ՚ըլլայ կոր նէ՝ ա՛ս չոճուխներուն կ՚ըլլայ կոր»։
Յայտնի է որ ամուսնական պատմութիւնս գիտէր. ինք մէկ հատիկ զաւակ ունէր, «չոճուխներուն»ը իմիններս ալ պարփակելու էր։ Նոյն ցաւին մէջ ինկած ըլլալնուս՝ ծանօթացման կարիք չէր զգացեր, առաջին վայրկեանէն բացեր էր տառապանքին թաց տոպրակը։
– Ամէն մարդ իր ճակատագիրը պիտի քաշէ,- չթեցի դարաւոր
կուտը։
– Աման քոյրիկ,- մտերմացաւ ոտքերը իջեցնելով սիմենթին վրայ, – ադ ճակատագիրը քիչ մը աղէկ չէ՞ր մը ըլլար, տե՛ս, – գլուխովը ցոյց տուաւ, – սա խորթլախ ամերիկացիները պաճախնին կը բանան կը նստին, պապաները կը նային պզտիկներուն։ Մէկ ժամէ երեք չոճուխները ադ մարդը կ՚օրօրէ կոր, մերիններն ալ քիչ մը մարդ ըլլային նէ՝ չէ՞ր մը ըլլար։
Ուրեմն միայն ամուսնալուծուած ըլլալս չէր իր գիտցածը։ Պըրկըն Քաունթի է, հայեր շատ կան, նշանուողներ, «միասին դուրս ելլողներ», ամուսնալուծման ճամբան բռնողներ, վերամիացողներ, նոր գործ հաստատողներ, Պէյրութէն Հալէպէն Պոլիսէն Թեհրանէն եկած հարազատներու ընտանեկան թելեր, որոնք հազարաւոր նստասենեակներու մէջ կը հիւսուին, սենեակներու, ակումբներու մէջ անոյշ-անոյշ կը զրուցեն, այդ իլիկներէն մանուողները միայն գիտեն թէ ինչպէս կ՚անցնին օրերը։
– Տղադ քանի՞ տարեկան եղաւ,- հարցուցի։
– Հիմա չորսուկէս էղաւ աս տղան, էրկու տարեկան չկար՝ հայրը ձգեց գնաց տոսթին քովը։ Իմս ծեծ-մեծ չունէր, անանկ խումար խաղալ չունէր, ամա աչքը ֆըլտըրըխ չորս կողմն էր, – բացատրեց ձեռքով օդին մէջ կարճ շրջանակ մը գծելով, – գիտէի ամա ի՜նչ ընեմ, զաւակ ունենանք կը փոխուի ըսի, պէպէքը ծնայ՝ էրեսս չի նայեցաւ։ Հօրը անունը դնեմ ըսի. հէ՜չ, պատկերացուր ի՛նչ տեսակի զաւակ է քի՝ հայրը մայրը սալլամը՜շ չընէր. անոնք նեղուած են իրմէ, իր հետ չեն խօսիր, ինծի՛ հետ կը խօսին, – ըսաւ պայքարէն յաղթանակի փշուր մը ապահովածի շեշտով։
– Տեսա՞ր, գոնէ անոնք լաւ մարդիկ են եղեր, – ամէն կեսուր անանկ չըլլար, սատանայ ալ ըլլայ իրենց տղան՝ կը պաշտպանեն։
– Քոյրը՜ս, էս ինչ օրինակներ գիտեմ, տահա կ՚ուրախանան ալ քի իրենց տղան իր կնիկէն զատեցին. բերանս բանալ մի՜ տար։
– Գիտեմ, – ըսի. մէկ յօնքը վեր՝ աչքերուս նայեցաւ լուռ ու մունջ, հասկնալու համար թէ իրապէս գիտե՞մ. յետոյ՝
– Սագօ, – պոռաց, – էկուր չորցնեմ։
Չորցուցած պահուն դարձաւ նայեցաւ աղջկանս, – Իշտէ սա վարդի պէս չոճուխները առանց հօր պիտի մեծնան։
– Հայրը չգա՞ր զինք տանելու։

– Տոսթէն ժամանակ աւելնայ նէ՝ կուգայ, ամիսը մէկ էրկու անգամ. կը տանի իր խանութը կը նստեցունէ. հարցուր քի՝ չոճուխին հետ էրկու բառ կը խօսի՞։ Քիւմէ քիւմէ դրամ պիտի շինէ։
– Եթէ տոսթ չունենար՝ այսքան պիտի նեղուէի՞ր։
– Վաղը անո՛ր ալ կը ձգէ, էս գիտեմ ապրանքս. կը յոգնի՝ մէկալի՜ն կ՚երթայ, – վաղուց հասած եզրակացութեան պէս կրկնեց եւ այլեւս գլուխը հանդարտօրէն կռթնեցուց աթոռի կռնակին, արեւի ակնոցները զետեղեց աչքերուն, վայրկեան մը արեւը դիտելէ ետք գլուխը ետ բերաւ առջեւ.
– Էս գիտեմ քի էրիկիդ հախէն գալու համար արսը՜զ կնիկ պիտի ըլլաս, ոչ թէ մեզի պէս հրեշտակ։
Ալ վստահ ըլլալով որ կեանքիս գոնէ մէկ ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն տեղեակ է՝ ոտքերս ծալլեցի նստայ խոտերուն վրայ.
– Քեզի բան մը ըսե՞մ, պէտք է մոռնա՛ս։
– Քոյրըս, մոռնալը ո՞րն է, – ըմբոստացաւ, բարակ շրթունքները դողդղացին, – ես դպրոցի գարետախտա՞կ էմ որ աւրես մոռնաս, վերջանայ էրթայ։ Մարմինդ կ՚այրի կոր նէ՝ ի՛նչը կը մոռնաս։ Գիշեր-ցերեկ աշխատեր եմ՝ մա՜րդ ըրեր եմ իրեն։ Մէկ սենթ չունէինք երբոր էկանք. ութը տարուայ մէջ միայն հինգ անգամ մուվի գացի, նուէր-մուէր չուզեցի։ Իրեն սեքրէթերի էղայ, հաշիւ բռնեցի, ճաշ եփող էղայ, կնիկ էղայ, ըրած ջլթիկութիւններուն աչքս գոցեցի, օգուտ չըրաւ։ Հելէ դո՛ւն ինչպէս կը մոռնաս էղեր, մարմինդ չի՞ ցաւիր, – զգաց որ փակեալ դժոխքէ մը մտաւ, թուքը կլլեց, ուզեց նիւթը փոխել, – ձեռքէն գար նէ՝ իմինս հարե՜մ պիտի բանար։
– Մարդուն մէկը գոնէ միայն երեք կին կ՚ուզէր,- խնդացի, – մէկը մայր թագուհի, թերեւս զաւակ բերող, միւսը սեքսի համար, երրորդն ալ իր հրահանգները վայրկենական կատարելու համար։ Աս տեսակները թուրք կին անգամ պէտք չէ ունենան։
– Նայէ բան մը ըսեմ, աստեղերը ասանկ կը խօսին կոր ամա մեր էրկիրը թուրքերուն մէջը լաւերը շատ են։ Դրացի մը ունէի՝ ինծի մօրքուրի պէս էր, Սագոյին կաղանդին կաշիէ ժագէթ ղրկեց. մամաս մեռաւ նէ էս գացի հասայ, կնիկը՝ ճիկերը դուրս պիտի իյնար լալէն։
– Իրաւունք ունիս, – ըսի, – թուրքը ըսելու ձեւ մըն է, ամենէն գէշ տեսակի մարդ ըսել է մեզի համար։
Հիմա որ կշիռքը հաւասարակշռուած էր՝ անցաւ միւս նժարին առջեւ, եւ քաշեց դրաւ հոն թերեւս տարիներէ ի վեր կոկորդը պատռող ծանրութիւնը.
– Հա՛յ է ըսինք՝ առինք, իշտէ՛ հայուն ղազըխը։
– ի՞նչ պիտի ընէիր, թո՞ւրք պիտի առնէիր։
– Յոյն ալ կար, հրեայ ալ կար, ամա կ՚ըլլա՞ր մի, մամայիս
հայրիկիս աչքին լուսն էի, «աման, աղջիկս, հայ է, Ամերիկայէն էկեր է, արհեստը տեղն է՝ ա՛ռ, յետոյ կը սիրես» ըսին։ Առի։
– Սիրեցի՞ր։
– Չի սիրէի նէ՝ հոգիս կու տայի՞, սա մեմլեքէթին լեզուն ալ չեմ
գիտեր, միս-մինակս տունէն խանութ, խանութէն տուն։ Տուն տեղ առինք, գիւղէն տուն առինք, պիտի վայելէինք – մամաս գիտնայ նէ՝ գերեզմանին մէջը կը դառնայ, – ըսաւ սահող պսպղուն արցունքը սրբելով աջ ճկոյթով, – քսանմէկ տարեկան էի ամա աստեղուաններուն պէս չէի, աչքս չէր բացուած։ Ինչ օպիւսոննե՜ր, ինչ օժիտ բերի հետս. հայրիկս մալ-միւլք ունէր, ուրախացաւ քի Ամերիկա հարս կ՚երթամ կոր. ամա մամաս չէր ուզեր կոր խեղճ կնիկը։ Մամա է գիտես, կարծես թէ սիրտը սկիզբէն կ՚այրէր կոր, էրկու շաբաթ առին դրին, «նասիպդ աս է, հատէ՛ առ, բախտաւոր ես» ըսին։
Վայրկեան մը կեցաւ, շրթները պիրկ, գլուխը շարժեց.
– Իշտէ առինք հայուն ղազը՛խը։
– Է՜յ, – ըսի, – եղածը հայու հետ կապ չունի, էրիկմարդու տեսակ
մը կայ որ վայրի անասուն է, թերեւս կիներու ալ անանկ ցեղ մը կայ, բարեբախտաբար այդ մէկուն չեմ հանդիպած։
– Կա՜յ քոյրս, էս հոս գալէս ի վեր, կեանքին դպրոցը չէ՝ գոլէ՛ճը գացի, աս գլուխս ինչե՜ր գիտէ, եթէ պատմեմ, միտքդ սթոփ կ՚ըլլայ։ Սէօրերուն դպրոցէն էլայ՝ ամուսնացուցին, էրիկիդ հնազանդ պիտի ըլլաս ըսին, մէկը չըսաւ քի՝ ի՛նչ ընեմ եթէ մայմունի պէս կնիկէ կնիկ ցատկռտէ։
– Քանի որ կը սիրէիր՝ դուն ալ հոգդ չընէիր որ կնիկ կը
խաղցնէ,- ապուշի պէս խօսեցայ։
– Աղջի՛կ, մէկուկէս տարեկան չոճուխը գիրկս ձգեց, փըրը-
փըրթըն հաւաքեց գնա՜աց։
– Դատ բացե՞ր ես, – ա՛լ երդիքներէ իջած եւ գործնականի սեմին ամուր կանգնած հարց տուի։
– Ափ-ափ դրամ պիտի թափես, պիտի փաստես որ աչքը դուրսն է էղեր, էս Քոլոմպօ՞ էմ մը։
– Բացեր ես յուսամ, – հետապնդեցի։
– Քաշքշէ հա քաշքշէ, դրամ չեմ վաստկիր կոր կ՚ըսէ կոր, թէքսին թուղթերը սխալ կը ցուցընէ կոր. ծօ էս մէջը դուրսը գիտե՛մ։ «Առանց թուղթի բան չի փաստուիր», կ՚ըսէ կոր փաստաբանը։
– Ո՞վ է։
– Հայ առի, լեզուս հասկնայ տէյի, ահագին խօսելիք ունիմ։
– Եթէ լաւ չէ՝ փոխէ, ես քեզի համար կու գամ կը թարգմանեմ, բայց յետոյ չըսես որ՝ նորէն հայուն ղազըխին ինկար։
Խնդաց. ի՜նչ անուշիկ ժպիտ ունէր. առաջին անգամ ըլլալով տեսայ որ երիտասարդացաւ.
– Հայրիկս ալ «Հա՜յ, հա՜յ» կ՚ըսէր քեզի պէս, ամա տես ինչ էղար, տիվորս է կ՚ըսեն՝ մէկը էրեսդ չի նայիր։
– Զիս հարազատի տեղ դիր, քեզի երկու խորհուրդ պիտի տամ, – ըսի, – ամենէն առաջ ինքզինքդ պիտի յարգես, դժգոհութիւններդ քեզի պիտի պահես՝ հպարտ պիտի ըլլաս կեանքովդ, նոյնիսկ եթէ սուփըրմարքէթ երթաս տասը տոլարով։ Յետոյ՝ ամուսնալուծուիլը յանցանք չէ, ընդհակառակը՝ քաջութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ սա հայկական թուլամորթ, չարախօս ընկերութեան մէջ հերոսութի՛ւն է։ Երանի ուրիշներ ալ մեզի պէս ընէին, իրենց զաւակներուն եւ իրենց կեանքը դժոխքի մէջ քաշքշելու, օր մըն ալ սպաննուելու տեղ՝ բաժնուէին իրենց խայտառակ ամուսիններէն, դատ-դատավարութիւն պահանջէին. թերեւս անոնց համար ալ լաւ դաս մը կ՚ըլլար զգաստանալու։
– Քոյրս, էս ինչ պատմութիւններ գիտեմ քի՝ եթէ տիվորսի շարուին, աստեղէն երկինք ճամբայ կը բացուի։
– Ընտանիքը սուրբ սեփականութիւն է…
– էս ալ անանկ մտածեցի, ամօթ կայ, միւռոն ունիս՝ խաչդ կրէ՛ ըսի ինքզինքիս, ա՛ս օրերուն ինկայ։
– Նոյնիսկ եթէ սէր չկայ՝ գոնէ հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ զիջումի վրայ։ Այն պահուն որ հոգեկան կամ ֆիզիքական բռնութիւն կը բանեցնէ՝ իրաւունք չունի կին ունենալու այդ մարդը։ Դեռ գիտե՞ս ինչ, կը կարծեմ որ մեզի շքանշան պէտք է տան մեր քաջութեան եւ ամուսնալուծման ցաւին դիմանալնուս համար։
– Իշտէ ուսում առած ես, խելացի, պոյդ պոսդ տեղը, բան մը օգուտ չըրաւ։
– Եկուր պզտիկները ժողվենք, երթանք այդ հովանոցին տակ՝ մեր ճակատագրին համար մէկական փիծծա ուտենք եւ քոք խմենք, – առաջարկեցի։
– Տայէթ չե՞ս ըներ կոր։
– Ճակատագրիս մէջ տայէթ չկայ, – ըսի։
Երբոր ծովի պայուսակները եւ պզտիկներուն ուրախութիւնը շալկած կ՚ուղղուէինք ճաշարան՝
– Քա, դուն քոմիկ էս եղեր,- ըսաւ, – ինչպէ՞ս կը դիմանաս կոր։
– Մոռնալով եւ ներել փորձելով, ոչ թէ ազնիւ ըլլալուս հանար, բայց քանի որ ուրիշ ձեւ չկայ։ Կեանքը պէտք է շարունակուի. զաւակիդ մայր ալ պիտի ըլլաս, հա՛յր ալ պիտի ըլլաս. Մէկ հատ ալ անոր համար շքանշան տալու են։
– Փաստաբանէս հե՜չ գոհ չեմ ամա չպիտի փոխեմ, դրամ
չունիմ, – ըսաւ։
Փայտէ նստարաններուն վրայ փիծծաներուն կը սպասէինք.
– Սա չոճուխը ինծի ձգեր է, – մտահոգուեցաւ, – բան մը չեմ կրնար ընել, դուն մայր ունիս, քոյրիկներ ունիս, ես տղան ձգելու տեղ մը չունիմ, ինչպէ՞ս պոյֆրէնտ պիտի գտնեմ։
– Տղադ բեր ձգէ քովս, գնա։
– Քոյրս, սիրտ մնա՞ց քի, մտածածէս կ՚ամչնամ։
– Սիրահարդ քոնքորտով կու գայ կոր, հինգ վայրկեանէն սա թենիսի դաշտին մէջ ձեռքերը բաց քեզի պիտի սպասէ, – ժպտեցայ։-

– Հէ՜չ մի յիշեցուներ, հանիմուն չըրինք, – վերադարձաւ նորէն իր ամուսինին, – օր մը Փարիզ պիտի էրթայինք, օդանաւով Նիւ Եորք գալս գիտեմ միայն։

***

«Բերէք ինծի ձեր բոլոր յոգնածները», դեռ ամառը երգեր էր տեղացի երգչուհին, Ազատութեան նորոգուած արձանի հարիւրամեակին։
Դեռ դար մը առաջ, այդ արձանին դիմաց, Էլլիս Այլընտի մէջ գաղթականներ՝ իրենց հիւանդ ու առողջ երազներով, թունաւոր եւ անդարմանելի յիշատակներով ու դարմանելի հեռանկարներով հասեր էին։ Տասնըհինգէն առաջ ալ հայեր եկեր էին Թուրքիոյ զանազան գաւառներէն, զինուորութենէ փախեր էին, երբեմն իրենց հարազատներուն քով, երբեմն միայնակ, նոր աշխարհին մէջ լոյս ցանելու եւ հնձելու եկեր էին։
Որքա՛ն աղջիկներ հարս եկած էին եւ ալ չէին տեսած իրենց ծնողքը։ Երկիր մնացածներու հաւաքական ճիչը սեփական տուներու կուրծքէն՝ մահացու անապատներու կռնակին վրայ արձակուած էր գարնանային օր մը, եւ լռած՝ անհատնելի տարածքներու վրայ։ Որբութենէ, զրկանքէ, արհաւիրքէ, բռնաբարումէ անցած, եկած էր ան որ կրցած էր դեռ շնչել, ան որուն այստեղ ամուսին մը ապահովուած էր։ Եկեր էին աչքերը գոց եւ ցաներ էին գաղութային կեանք մը, որ այդ օրերուն շատ անդին չէր անցնէր օգնութիւն հասցնելէ Միջին Արեւելքի իրենց բեկորներուն։ Իրենց բերնին հացը անգամ կը կտրէին եւ «ազգին» կ՚օգնէին։ Պատանի էի Պէյրութ, կը լսէի որ յաճախ անոնք յիսուն-վաթսուն տարի ետք գտեր են կամ տեսեր են իրենց քոյր-եղբայրները, անոնց թոռները։
Բայց ի՛նչն էր որ ինծի ենթադրել կու տար, թէ այնտեղ Միջին Արեւելքի մէջ, մօր կուրծքին՝ հեռաւորութեան ցաւին չափ ալ գոհունակութեան հմայք մը կար աղջիկը Ամերիկա հարս ղրկելու մէջ։ «Աղջկանս նասիպը անտեղէն ելաւ, Ամերիկա հարս գնաց»։ Հիմա տարբեր էին օրերը, հարս գացողները կրնային յաճախ այցելութեան վերադառնալ. չալըմ կ՚ընէին, ծուռումուռ անգլերէն մը կը դարձնէին իրենց բերնին մէջ, հայկական վարժարանի «հայեցի դաստիարակութեան» մէկ կարեւոր մասը մոռցած, իսկ մեծմայրիկները ուրախ էին որ իրենց թոռնիկները «պիւլպիւլի պէս անգլերէն» կը խօսին։
Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ տանտիրուրուհիի մը այցելութեան օրն է. կիները նստեր են հիւրանոցին մէջ. նախ քոնեակ, յետոյ թէյ, յետոյ սուրճ, տայէթի մասին մտածող չկայ։ Եւ ինչո՞ւ մտածեն երբ ամէն մէկը չորս-հինգ զաւակ ունի, որոնց դպրոց կը տանի քալելով, դաշնակի կամ պալէի դասի կը տանի քալելով, պանիրը-ձաւարը քալելով կ՚երթայ կը գնէ նպարավաճառէն, հացը արաբ հացագործէն, բանջարեղէնը քիւրտ կառապանէն, միսը թաղի մսագործէն, դարմանումը թաղի բժիշկէն, օճառը քէսէն եւ իւղը Հալէպէն բերել կու տայ. (մինչեւ հոն չի կրնար քալել)։ Բայց իր շէնքին աստիճաններէն շաբաթը մէկ երկու անգամ կը բարձրանայ մինչեւ տանիք՝ ուր Պէյրութի զուարթ արեւին տակ կը չորնան իր տան պայծառացած լաթերը։ Իսկ վերջին նորոյթը՝ առաջնակարգ պանդոկներու խոհարարներու դասընթացքներու կ՚երթան խումբով եւ քալելով. ահա հոն սորված կարկանդակը շիներ է տիկին Մելանին.
– Հապա՜, երեք ամիս առաջ ալ տիկին Սրբուհին իր միջնեկը ամուսնացուց, լիմուզինով գնաց իջաւ եկեղեցի Նազիկը, աչքդ տեսնելու էր, – կ՚ըսէ տանտիրուհին Նիսէն նոր հասած իր տալոջ։
– Է՜, պատմէ նայինք, տիկին Սրբուհի, ինչպէ՞ս են.
Ասոնց մէջ կան հետաքրքիր ձայներ եւ նախանձոտ ձայներ։
– Ինչպէ՛ս պիտի ըլլան, – ձեռքերը բազկաթոռի բազրիքներուն
դրած կը շտկուի տիկին Սրբուհին. եւ եթէ տղան ուսանող է, – կը տապլտկին կոր, սիրով են իրարու հետ, կարեւորը ա՛ն է։ Երկու տարիէն վերջացնէ նէ, մեծ գոլէճի մը նախագահը կրնայ ըլլալ. հոն նախագահ կ՚ըսեն տնօրէնին։ Տղուն խելքը՝ դասերուն, քննութիւններուն վրայ է, ուղե՛ղ ծներ է։ Աղջիկս կը գրէ կոր «մամա, բան մը մի ղրկեր, հոս ամէն բան կայ»։ Խոշշշոր շուկայ մը կայ, մեր Սուք Ըզէզին ես ըսեմ՝ հինգ, – աչքերը բանալով կը վճռէ տիկին Սրբուհին իր չտեսած բանը, – դուք հասկցէք տա՜սը անգամը։ Աչքդ առածին չափ, լոլիկին տեսակները, կանաչ պտուղներ, չինականը, մեքսիքականը, սալաթացու որ մենք հէ՜չ կեանքերնուս մէջը տեսած չենք, նարինջի վեց տեսակներ. քսակդ կը պարպուի, աչքդ չի կշտանար։
– Էհ, ուսանող է տղան, ասկէ աւելի ինչ պիտի ընէ։
– Օ, անանկ յարգը գիտէ ո՜ր. աս կողմ կը դառնար կոր՝ Նազի՛կ,
ան կողմ կը դառնար կոր՝ Նազիկ։
– Աղջիկդ ալ կ՚աշխատի՞ կոր։
– Հայրը բաներ մը կը ղրկէ, գիտես Մարտիկը. կ՚ուզէ որ
զաւակներուն աչքը կուշտ ըլլայ։ Նազիկն ալ տունը նստած ի՛նչ պիտի ընէ, կրանթ կ՚ըսեն կարծեմ, կառավարութիւնը կու տայ. ինքն ալ գիրքեր կը պրպտէ, յետոյ ալ իր գտածները կը տպեն գիրքերու մէջ։
– Պզտիկ ունենալու ծրագիր ունի՞ն։
– Հելէ իրար թող վայելեն, – կարճ ու կտրուկ կը վերջացնէ
տիկին Սրբուհին, վերջին ումպէն ետք սուրճին գաւաթը ինքնավստահ զետեղելով պնակին մէջ, – սուրճերնիդ մի՛շտ։
Իսկ եթէ Ամերիկայէն եկած այդ երանելին կօշկակար կամ ոսկերիչ է՝ աներմօր բերնին մէջ կը դառնայ տիզայնըր.
– Տղան տեսնե՜ս, տուն ունի, օթօ ունի, ուիքենտներուն տեղեր
կ՚երթան։ Մեզի պէս չիվիտ-միվիտ չիկա՜յ։ Լուացքը օթօմաթիք մեքենայի մը մէջ կը մտնէ, աղջիկս մինչ այդ՝ ճաշը, խմորեղէն մը երկու կը պատրաստէ, լուացքը անտեղէն կ՚ելլէ՜ քովի մեքենային մէ՛ջ կը մտնէ, կը չորնայ կ՚արդուկուի, դուրս կու գայ։ Աղջիկս թագուհիի պէս կ՚ապրի կոր։
Տիկին Սառային աղջիկը տասնըմէկ տարի է գացեր է Ամերիկա։ Հոս բոլոր գտնուող տիկիններն ալ գիտեն որ երեք թոռնիկ ունի։ Թամ, Արթըր, Քրիսթին։ « Ճանըմ, Ամերիկացիները ինչպէ՞ս հնչեն Թոմաս Յարութիւնը»։ Այս տիկինները գիտեն նաեւ որ անոնց նկարները իր կրծկալին կամ դրամապանակին մէջ են։ Շուկան դրամապանակէն կը հանէ անոնց նկարները ցոյց կու տայ, տուներուն մէջ՝ նախ չորս կողմը կը ստուգէ թէ դուռերուն արանքէն էրիկմարդ կ՚երեւա՞յ, յետոյ ձեռքը կը յառաջացնէ դէպի կուրծքը։
– Գէշ խօսուածներուն շատ մի հաւատաք հա՜. կ՚ըսեն որ անտեղ
ամէն բան հեռու է, եաւրուներուս դպրոցը տունէն երկու թաղ անդին է, պիւլպիւլի պէս անգլերէն կը խօսին, ինծի գրեն են՝ Կրէնմա, մերրի Քրիսմըս, ուի լավ եու։
– Խանութ առեր են լսեցի։
– Հա, խանութ մը առին, – կը ժպտի տիկին Սառան, – թերթ
սիկառէթ լոթըրի թիքէթ կը ծախեն։
– Մարդիկը թերթը առտու կանուխ կը կարդան, – կը չարանայ
կին մը, – ե՞րբ կը բանան խանութը։
– Եօթին կը բանան մինչեւ տասնըմէկ, – կը դառնայ տանտիրուհիին, – սա վարագոյրին կտորները Շաքինեանէ՞ն առի ըսիր։
– Քա՛, աղջիկդ երեք զաւակով ինչպէ՞ս կը հասնի, – հիացումի եւ զարմանքի կեղծ շեշտով իր ընկերուհիին չարամտութիւնը կը շարունակէ ուրիշ մը։
– Ինքը վարժուած է, պզտիկներն ալ շիտակը ինքզինքնուն հոգ կը տանին, – ծոյլ փեսայի մը գլուխը ցցած հարցը խոհեմաբար կը ծածկէ աներմայրը։
– Քանի որ ճակատնուս գրուեր է որ պիտի չարչարուինք, գոնէ Աստուած մեր յարգը գիտցողին դիմացը հանէ, – ուրիշ բան չըսելու համար կը փիլիսոփայէ տիկին Անժել, որ չորս հասած աղջիկ ունենալուն՝ սկզբունք ըրած է տղամարդու դէմ որեւէ արտայայտութիւն չունենալ, եւ խօսուածներն ալ չլսել ձեւացնել։
Ի՛նչ կ՚ուզեն ըսեն, աղջիկ ունեցող մայրերը յարաբերաբար՝ հեզահամբոյր էին, տղայ ունեցողները հարկ չէին զգար աչալրջութեան։ Մեր թաղին էն գոռոզ կինը Սանանն էր, որ չորս տղայ ունէր, ոչ ոքի այցելութեան կ՚երթար, ոչ ոք զինք կը բամբասէր, տղաքը բժիշկ ճարտարապետ պիտի ըլլային, կեսուր պիտի ըլլար։
Տղայ ունեցած օրէն հոգեպէս կը հանգստանայ մտատանջ կինը որ թերի բան չձգեց, ամուսինին անունը շարունակուի պիտի, անոր պարագաները քիթ-բերան պիտի չընեն։
Երբ տղայ մը համալսարան սկսի յաճախել, մայրը կը սկսի օդին մէջ կախուած կեսուրութեան դերին, անշուշտ մեղմանալով, հաճոյախօսելով երբոր ունեւոր ծնողք ունեցող աղջիկ մը ուզէ կարգադրել իր տղուն։
Հասկցող չհասկցող կը հետաքրքրուէր տղու մը առօրեայով, համալսարանի միջավայրով, Ամերիկայի ո՛ր նահանգը պիտի երթայ շարունակելու ուսումը։ Իսկ եթէ աղջիկ մը համալսարան յամառէր յաճախել՝ սխալ բան մը ըլլալու էր։ «Դեռ չէ՞ ամուսնացած, առաջին ուզողին տո՜ւր թող երթայ, վաղը գիտեմճիութիւն կը ծախէ, մարդու չի հաւնիր»։ Կարծես աղջիկը տրուելու, երթալու համար է, սեփականութիւն մը որ մէկէն կը փոխանձուի միւսին – հայրը հոգ պիտի տանի, պիտի ամուսնանայ՝ ամուսինը հոգ պիտի տանի, եթէ հարուստ է՝ պուպրիկի պէս պիտի հագուի շքուի, ամերիկեան դունչն ու ոտքերը երկար ինքնաշարժ մը պիտի քշէ Պէյրութի նեղուլիկ փողոցներէն, պարահանդէսներուն նախագահող ամուսինին քով՝ փակած ժպիտով մը պիտի նստի։ Իր կեանքին ձեւը անոր վաստկածէն կախեալ է։ Իսկ եթէ ունեւոր է՝ քիչ մը տրտռալով, քիչ մը համակերպելով օրերը պիտի անցընէ, տիկնանց միութիւններու մաս պիտի կազմէ, քերմէս պազար, Կարմիր խաչ, ոմանց պարագային՝եթէ ամուսինը թոյլատրէ։ Երբեք պիտի չհարցնէ ինքզինքին թէ ի՛նք ինչ կ՚ուզէր կեանքէն, ինք ինչ կ՚ուզէր ընե՛լ։
Սուրբ Նշան եկեղեցիին փողոցը աւելի սուրբ էր։ Կիրակի օրերը կէս ժամը անգամ մը հարսանեկան փաս-փայլուն ինքնաշարժներ ճչափողերը հնչեցնելով կը սուրային զարիվեր զարիվարներէն։ Ի՞նչ եղաւ պատերազմին, կռուողները այդ փողոցները ոտք դնելու չէին. դէպի մեր եկեղեցիները, դպրոցները երկարող փողոցները այդպէս եղծուելու չէին։ Այնքան որախութեան ճչակներ անցեր էին այնտեղէն, ինքնաշարժներ որոնք ծաղիկներու զուարթութիւնը յայտնաբերած՝ կ՚ուղղուէին եկեղեցի։ Աստուծոյ հանգիստ նշանակած օրը ամենէն աւելի կը շահէին տէր հայրերը. Մեծ Պահքէն զատ՝ կէս ժամը անգամ մը՝ հարսանիք։ Հմայիչը հարսը չէր, ճերմակ հագուստն էր, վարդի պէս, ինչ ըլլալիքը չգիտցող վարդի պէս։
«Աղջիկիս նասիպը այնտեղէն ելաւ, Ամերիկա հարս գնաց»։ Այդ հարս գացողներուն քանի՞ տոկոսը գոհ է հիմա, ո՛րքանը խաչ կը կրեն, որքանը ամուսնալուծուած են։ Եւ կիներ որոնք տղամարդու հրամանով՝ բերաննին կղպած, իրենց սրտին խորովուիլը մարդու յայտնած չեն՝ ի՞նչ կ՚ընեն հիմա։ Առաջ Զմմառ կ՚ելլէին, հազար պատճառ կար ուխտ ընելու. հաւ ոչխար կով կը մորթէին։ եթէ Միջին արեւելքէն հասած հարսերը յանկարծ Ամերիկայի մէջ աչքերնին բացին որ՝ փորձանքի մէջ են՝ ի՞նչ ըրին առանց թաղային խորհուրդի, դատաստանական խորհուրդի, ծխատէր քահանայի, մօրաքոյր- հօրաքոյրներու խորհուրդներուն, հօրեղբայր- մօրեղբայրներու սաստերուն։ Ի՞նչ ըրին, թփրտացող թռչունի պէս իրենց ճիչը ո՞ւր զսպեցին։
Քանի՞ ննջարան հեկեկանք ծնաւ, քանի՞ բաղնիք՝ երջանկութեան վիժում, ո՞ւր պահուեցան իրենց էն մտերիմ ընկերուհիին իրենց սիրտը թափող նամակները։ Քանի՞ զաւակ ապտակ կերաւ իր ջղային ծնողքէն իր չըրած յանցանքին համար, քանի՛ մայր իր կեանքին միակ երջանկութիւնը գտաւ իր զաւակներուն մէջ։ Ինչո՞ւ Արտիմիսը ուրիշը սիրեց, ձգեց ամուսինը։ Ինչո՛ւ Այտան զաւակները առաւ փախաւ տունէն։ Ինչո՞ւ Ռիթան երեսուն հատ ասփիրին կլլեց։ Ինչո՞ւ ամէն ամուսնութիւն կը փոխուի, ամէն հարս ու փեսայ կը մեռնի, բացի ճակատագիր կոչուածէն՝ որուն ինչ եղածը յայտնի չէ, օր մը իշխանի հագուստով կը ներկայանայ, օր մը վհուկի։

***

Երկու տարի ետք, երէկ կաղանդի հաւաքոյթի մը հրաւիրուեր էի ծանօթ տուն մը. տեսայ զինքը, իսկ Սագոն չճանչցայ։ Այն օրերուն՝ միշտ արեւախանձ տեսած ըլլալուս՝ թուխ կը կարծէի Սագոն։ Հիմա մայրը՝ ճեփճերմակ մորթով, սիրուն դիմագիծով տղու մը գօտին կը շտկէր։
– Աս ի՜նչ աղուոր մեծցեր հասակ նետեր է, – ըսի։
– Հայրը էրկու տարիէ՝ չէ տեսած զինքը, – ըսաւ, երկու տարուան անջրպետը մէկ տողով բացատրելով։
– Երբեմն աւելի լաւ է, եթէ միայն ձեւի համար պիտի տեսնէ։
– Բայց տղաս նըրվը՛ս է, հա՛յրը կը փնտռէ, – յայտնեց ծնողական ցասումէ աւելի՝ բժշկական ախտաճանաչումի յստակատեսութեամբ։
– Դատդ վերջացա՞ւ, – հարցուցի ամենայն համարձակութեամբ, օդը լաւացա՞ւ հարցնելու պէս։
Անմիջապէս նշան ըրաւ որ քովնտի սենեակ մը երթանք։
– Ներըս հոս է, – ըսաւ,- երկերեսին մէկն է, չեմ ուզեր գիտնայ քի
էս ինչ կը խօսիմ կոր։
– Իրեն ի՛նչ, – բողոքեցի։
– Գիտէ քի դուն ալ տիվորս ես, պիտի հասկնայ ինչ կը խօսինք
կոր։
– Ինչ որ պիտի հասկնայ՝ թող հասկնայ։ Եթէ այսքան հասկնալով երկու երես եղեր է, թող քիչ մըն ալ հասկնայ որ չորս հինգ երես ունենայ։
– Էս քեզի պէս քաջ չեմ։
– Քաջութեան հարց չէ, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի քու անձնական կեանքիդ եւ ըրածներուդ խառնուելու։
– Ճանճը փիս չէ ամա սիրտ կը խառնէ, կ՚ըսեն։
– Սիրելիս, քու սիրտիդ մասին ո՞վ կը հարցնէ կոր, ո՞ւր հասաւ
դատդ։
– Աման քոյրիկ, կեանքիս մէջ դատարան ալ պիտի իյնամ էղեր։ Վերջացա՛ւ։ Շունշանորդին դրամ չունի էղեր. հայկական դպրոցէն ալ հանեցի, աս էրկրին լեզուն չեմ գիտեր որ սէքրէթերի ըլլամ, մինչեւ հինգ չեմ կրնար աշխատիլ, չոճուխիս ո՞վ պիտի նայի։ Պէյպի սիթըրութիւն կ՚ընեմ կոր հրեաներուն, արդէն դրամը հրեաներուն քովն է, հայերէն խեր չիկայ։
– Հայկական հաստատութիւններու դիմեցի՞ր, – անիմաստ
հարցում մը նետեցի մէջտեղ։
– Եղունգ ունիս նէ՝ գլուխդ քերէ, իմինս ալ քերէ՛ կ՚ըսեն կոր. տէրպապա-մերպապա՝ քեզի սալլամըշ ընողը ո՜վ։ Աս չոճուխը որբ է, հայրը կէրէքսիզին մէկն է մտածող չիկայ։ Ադ եկեղեցիները ամէնը փարայի համար կեցեր են անտեղ, փարայի՜. ո՛վ որ իրենց տոլար տայ՝ մեղայ մեղա՜յ, ոռը կը պագնեն կոր։ Էս կոյր չե՜մ, չորս կողմս կը տեսնեմ կոր. ո՛վ կ՚երթայ իրենց պարահանդէսին, ո՛վ լոթերիի թիքէթ կը գնէ՝ անոր փէշը կը բռնեն կոր։ Աման քոյրի՛կ, ո՞ր մէկը ըսեմ, աս փէզէվէնկներուն մէջը կեանքս հերին հեչ էղաւ…
– Գոնէ գո՞հ ես պէյպի սիթըրութենէն։
– Ծեր կնիկ մըն էր՝ մեռաւ, յետոյ ուրիշ մըն էր՝ ան ալ մեռաւ, Նոր Տարիին «ա՛լ թաղումի պիտի չերթամ, թաղում չեմ ուզեր, ծեր չեմ ուզեր» ըսի, ակռաս սեղմեցի։ Հիմա էրկու տղաներու հոգ պիտի տանիմ, մայրերնին կ՚աշխատի, քէշ կու տայ ինծի, հէչէն աղէկ է։
Նստանք միջանցքի բարակ բազմոցով նստարանին վրայ.
– Աս ժագէթը լա՞ւ է՝ արձակուրդին հիւսեցի։ Հիմա արձակուրդ է տէյի չեմ էրթար կոր գործի, չոր հացով կ՚ապրիմ, տղաս մէջտեղերը չեմ ձգեր։ Դպրոցն ալ սկսի նէ՝ պասը ճիշդ աշխատած տունիս առջեւը կը բերէ։ Նստած տեղս՝ գիշեր ցերեկ խելքս վրան է, աճապ ի՞նչ էղաւ, նըրվըս է չոճուխս, կրակոտ է, տղայ է, վազվզէ պիտի։ Մէկ ամսուայ մէջ էրկու անգամ գլուխը պատռեցաւ, իմըրճընսիէն հօրը կանչեր են, էրկու տարիէ չէր տեսած, «նորէն իյնամ, թող պապաս գայ տեսնէ ինծի», կ՚ըսէ կոր չոճուխս։
– Հայրը Նիւ Ճըրզի՞ կ՚ապրի։
– Ուայթ Լէնտէն տուն գներ է. ներկեր են, պատերը բաց գոյն սրճագոյն, պատուհաններուն, դուռներուն ծայրը՝ գոց գոյն սրճագոյն։ Ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինկեր է անոր, – հակառակ որ մարդ չկար մօտեցաւ ականջիս փսփսաց, – վարտիքին մէ՛ջը։
– Միասին են դեռ։
– Քանի մը հոգի կ՚ըսեն՝ ամուսնացած է, քանի մը հոգի կ՚ըսեն՝ ամուսնացած չէ. յայտնի չէ իշտէ։
Կի՜նը։ Պըրկըն Քաունթիի հայերը գիտեն թէ ամուսնացած է այդ էրիկը տոսթ կոչուածին հետ. բայց ինք դեռ կը նախընտրէր միւս ձեւը, թէ՝ իր էրիկը տոսթ ունի. ան իր կինը չէ, կինը ի՛նքն է, ինք պիտի մնայ, միւս եղածը հոմանուհի է. «իշտէ ասոր էրիկին, միւսին աղբօրը հետ տարիներով դուրս էլաւ, էրեսունութ տարեկան էր, տեսաւ որ իմինս ապուշ է՝ անոր փակաւ։ Քորթին մէջն ալ առանց խպնելու կ՚ըսէ կոր որ անոր կը սիրէ էղեր։ Է՜, ինծի ալ կը սիրէ՜ր»։
– Վաղը անո՛ր ալ ըլլալիքը նոյնն է, – ըսաւ այս անգամ բաւական նուազած շեշտով, տարակուսանքի ալիքները բռնի հրելով։
Յետոյ ի՜նչ փոթորիկ անցաւ սրտէն, փոթորիկներ հին հին աշխարհներէ՝ որոնք կ՚երեւի չէին կորսուած, չէին լքուած, հեռու մնացած էին բայց չէին հեռացած. միայն ի՛ր մէջ ապրող շնչող, կենդանի եւ վիրաւոր։
– Դուն գրող կնիկ էս էղեր, ըսէ՛ ինծի, մարդ քանի՞ անգամ կը
սիրէ։
Բռնեցի ձեռքերը, որոնց գոնէ չորս մատներուն արծաթէ խոշոր մատանիներ բազմած էին, ամուր սեղմեցի, ուզեցի ըսել. – Քո՛յրս, ես ալ քեզի չափ եւ թերեւս քեզմէ շատ շատ աւելի հարցումներ ունիմ, ես պատասխան չունի՛մ։
Բայց շրթներս չկրցան բաժնուիլ իրարմէ։ Ինքը՝ ցաւին կղպանքները, լռութեան փշալարերը ճաշակած կին՝ լսեց, լսեց ովկիան մը որ յատակէ՛ն կը ճեղքուէր, եւ հոնկէ կը պատռուէր ամրակուռ ժայռերուն շպրտուած ալիքներու արձագանգը. լսեց, լսե՜ց իր բոլոր լսածները՝ աչքերուս մէջէն։ Փաթթուեցանք, վերջացաւ։
Բա՛ն մըն ալ չվերջացաւ։

«Տոհմածառ»

Աղբյուր՝ Granish.org

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում