Վահան Թեքեյանի․ «Տաղ հայերեն լեզվին»

Վահան Թեքեյանի․ «Տաղ հայերեն լեզվին»

Քեզ, Հայ Լեզո՛ւ, կը սիրեմ մըրգաստանի մը նըման…
Մեր անցեալին թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես
Մէյ մէկ պըտուղ՝ քու բոլոր բառերդ ինծի կ՚երեւան,
Որոնց մեջէն կը քալեմ ու կը քաղե՜մ զանոնք ես…։
Մրգաստանի՛ մը նըման կը սիրեմ քեզ, Հայ Լեզո՛ւ…
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մընացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՜կ, որ դիմացար դարերու
Եվ կը մընաս միշտ առոյգ, հին ավիշով կենսայորդ…։
Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ՚երթամ խինդով մ՚անսահման,
Արմատներուդ, ճիվղերուդ վրայ նայելով հիացիկ,
Զարմանալով թէ ի՞նչպէս դուն մընացիր՝ երբ սաստիկ
Քամին քու շուրջըդ փըչեց եւ տապալեց ամէն բան…։
Մէյ մէկ պըտուղ գոյնըզգոյն՝ բոլոր բառե՛րըդ ահա,
Հիվթե՜ղ բառերըդ՝ զոր որքա՜ն հասունցուցին արեւներ,
Բառե՛րըդ որքան այս պահուս շըրթանցս վրայ եմ բռներ,
Բառերըդ որ քիմքըս կ՚օծեն եւ կ՚սփոփե՜ն սիրտս հիմա…։

 

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում