Ռուբեն Սևակ. Սիրոյ շողքերը
03/06/2020 18:33
Նմանատիպ
Երգը յուշքին
Սըրտիս խորէն
Կուլայ ուժգին
Վհատօրէն:
Ու տրտմագին
Սէրըս նո՜րէն
Կը ծնի ցաւին
Խարոյկներէն:
Ու կուզեմ լա՜լ
Մոխիրներուն
Վրայ Սիրոյս,
Որպէսզի ա՜լ
Շողքերն հետին
Չկայծկըլտին…
Երգը յուշքին
Սըրտիս խորէն
Կուլայ ուժգին
Վհատօրէն:
Ու տրտմագին
Սէրըս նո՜րէն
Կը ծնի ցաւին
Խարոյկներէն:
Ու կուզեմ լա՜լ
Մոխիրներուն
Վրայ Սիրոյս,
Որպէսզի ա՜լ
Շողքերն հետին
Չկայծկըլտին…