Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան․ «Ուխտի իմաստը եւ հասկացողութիւնը»

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան․ «Ուխտի իմաստը եւ հասկացողութիւնը»

Ուխտին նպատակը ոչ միայն ուրիշին օգտակար դառնալ է կամ Աստուծոյ զոհ մատուցել, այլ ուխտերը կ՛օգնեն մեղքերու քաւութեան ու թողութեան եւ Աստուծոյ շնորհքին արժանի կը դարձնեն, որպէսզի օր մը արժանի ըլլանք երկինքի արքայութեան եւ վայելենք Աստուծոյ անմահ ներկայութիւնը

Ուխտ կը նշանակէ` խոստում մը, կնքուած համաձայնութիւն մը, երդում մը` Աստուած-մարդ յարաբերութեան մէջ:

Աստուածաշունչը լեցուն է ուխտերով, կնքուած` Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ: «Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ոչ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար» (Ծնն 9.11): ինչպէս օրինակներուն մէջ անդրադարձանք, ուխտերը հաշտութեան եւ ողորմածութեան նշան եղած են, այն պայմանով, որ Աստուած վերստին նոյն պատիժը պիտի չսահմանէ:

Գոյութիւն ունի ուրիշ տեսակ ուխտ մըն ալ, որով մարդ ինքզինք կը զրկէ զանազան հաճոյքներէ եւ այդ ժամանակամիջոցին ուխտին հաստատած կանոնները կը գործադրէ: Այսօրուան իրականութեան մէջ եւս ուխտը գոյութիւն ունի, սակայն` որոշ փոփոխութիւններով: Մարդիկ ուխտ կ՛ընեն ծառայելու որեւէ սրբութեան, ինքնանուիրումի գիտակցութեամբ, ողորմութիւն կատարելու միտումով եւ այլ բարեպաշտ նպատակներ հետապնդելով: Նման ուխտեր կը կատարուին մարդուն կողմէ` Աստուծոյ, մաքրագործելու սեփական անձը եւ Աստուծոյ միջոցով մարդոց օգտակար դառնալու ողորմութիւն ընելով:

Ուխտին նպատակը ոչ միայն ուրիշին օգտակար դառնալ է կամ Աստուծոյ զոհ մատուցել, այլ ուխտերը կ՛օգնեն մեղքերու քաւութեան ու թողութեան եւ Աստուծոյ շնորհքին արժանի կը դարձնեն, որպէսզի օր մը արժանի ըլլանք երկինքի արքայութեան եւ վայելենք Աստուծոյ անմահ ներկայութիւնը: «Իր սուրբ մարգարէներուն միջոցով կանուխէն մեզի խոստացաւ փրկել մեր թշնամիներէն ու բոլոր մեզ ատողներէն եւ մեր հայրերուն հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց տալ` իր սուրբ ուխտին հաւատարիմ մնալով…» (Ղկ 1.70-72):

Երբ անձ մը ուխտ կը կատարէ սուրբի մը կամ ուխտավայրի մը, նախ սուրբին կամ ուխտավայրին նկատմամբ յատուկ սէրն ու գուրգուրանքը ցոյց կու տայ եւ ապա այդ մէկը յիշելու եւ անմահացնելու նպատակով կը կատարէ:

Աստուած իր մեծագոյն ուխտը կնքեց իր Որդիին` Քրիստոսի միջոցով, մարդոց փրկութիւն եւ յաւիտենական երջանիկ կեանք շնորհելով: «Սիոնէն պիտի գայ Փրկիչը եւ Յակոբի սերունդին մեղքերը մէկ կողմ պիտի դնէ: Եւ ասիկա պիտի ըլլայ այն ուխտը, որ պիտի կնքեմ անոնց հետ, երբ իրենց մեղքերը ջնջեմ» (Հռ. 11.26-27):

Այսօր ուխտ հասկացողութիւնը քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ երկու նպատակներ կը հետապնդէ.

Առաջին` մարդը այս աղմկալի աշխարհէն ուղղել դէպի ճշմարիտ եւ յաւիտենական ճանապարհ: Ուխտի միջոցով մարդ ինքզինք կը մաքրագործէ եւ կը սրբացնէ` ձգտելով կատարեալին եւ ճշմարիտին:

Երկրորդ` ուխտը որպէս երախտագիտութիւն Աստուծոյ կամ սուրբերուն բարեկենցաղ եւ օրինակելի կեանքին: Մարդ ուխտ կատարելով` իր շրջանակին յիշեցնել կու տայ եւ կը սորվեցնէ սուրբին կեանքը անմահացնել:

Այսօր մանաւանդ հայ ժողովուրդը պէտք է ուխտի զաւակ ըլլայ, պէտք է ուխտէ յաւիտենական ուխտ մը, որովհետեւ ինչպէս Մովսէս եւ իր ժողովուրդը անապատին մէջ տառապեցան եւ Աստուծոյ օգնութեամբ տոկացին, նոյնպէս հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր Աստուծոյ օգնութեամբ կա՛յ եւ կը մնա՛յ:

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Օգնական Եպիսկոպոս

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

Աղբյուր՝ Vaticannews.va

27/06/2020

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում