ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ «ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ»-Ը՝ ՏԻՐԱՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՏԷՐՎԻՇԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ «ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ»-Ը՝ ՏԻՐԱՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՏԷՐՎԻՇԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ

Արևմտեան թեմէն ներս հրատարակութեան կը նախապատրաստուի մեր եկեղեցւոյ հիմքը կազմող կարևորագոյն աշխատութիւններէն մէկը՝ «Կանոնագիրք Հայոց»-ը։ Ներկայիս լայնօրէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուի Վազգէն Յակոբեանի աշխատասիրութեամբ Երևան տպագրուած «Կանոնագիրքը» (1964), որ կազմուած է տասնեակ ձեռագրերու բաղդատութեամբ: Եւ կարծես հասունացած է եկեղեցական-իրաւական այս ժողովածուն նորովի շրջանառութեան մէջ դնելու պահանջը՝ թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ գիտական շրջանակներու գործածութեան համար, և նման աշխատանք նախաձեռնուեցաւ թեմի Առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ։ Միջնադարեան հայ եկեղեցական իրաւունքի այս ժողովածուն օրին գրաբարէն աշխարհաբարի է փոխադրած Տիրայր Ծ. Վրդ. Տէրվիշեանը։ Ամերիկեան աղբիւրներէն ի յայտ եկած՝ այդ աշխատութեան ձեռագրերու հիման վրայ է, որ կը նախապատրաստուի հրատարակութիւնը։

Մեր եկեղեցւոյ անխոնջ մշակներէն մինն է Տիրայր Ծ. Վրդ. Տէրվիշեանը։ 1909 թ. ծնած ըլլալով հայրենիքի Սասնուն քաղաքին մէջ և անցած ըլլալով Եղեռնի արհաւիրքներով՝ 1920-ական թուականներուն ուսանած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի մէջ, այնուհետև սարկաւագական ձեռնադրութիւն է ստացած Եղիշէ Պտրք. Դուրեանէն, քահանայական ձեռնադրութիւն1932 թուականին՝ Թորգոմ Պտրք. Գուշակեանէն, որ տուած է անոր Տիրայր անունը։ Վերջինը երջանկայիշատակ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի գրական անունն է եղած ժամանակին։ Յետագայ տարիներուն Տիրայր Վրդ. իր հոգևոր ծառայութիւնն է անցած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն ներս, 1950 թ. տեղափոխուած է Արևմտեան թեմ, վարած է տարբեր պաշտօններ։ Ողջ հովուական կեանքը Տիրայր Վրդ. անցուցած է խոնարհ սրտով ու նուիրումով, կատարած է գիտական բեղուն աշխատանքներ։

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի ծովածաւալ «Ազգապատումի» 4-րդ հատորի պատրաստողն է Տիրայր Ծ. Վրդ. Տէրվիշեան, ուր բծախնդութեամբ ի մի է հաւաքած «Ազգապատումի» ժամանակագրական ցանկեր, անձնանունների եւ տեղանունների ցանկեր և այլ տեղեկատու նիւթեր։ Օրմանեանի այս աշխատութենէն օգտուողները կարող են վկայել, թէ ինչ մեծածաւալ և միևնոյն ժամանակ օգտակար ու անհրաժեշտ են 4-րդ հատորի ցանկերը ուսումնասիրողներու համար։ Հեղինակի խոնարհութեան վկայութիւնն է, որ 4-րդ հատորի որևէ էջին չկայ նշուած կազմող վարդապետի անունը։

Տիրայր Վարդապետ ունի այլ աշխատութիւններ նոյնպէս, որոնց մէջ յատկապէս կարևոր է «Կանոնագիրք Հայոց»-ը։ Ան մեղուաջանօրէն տեսակաւորած և ըստ առանձին թեմատիկ նիւթերու խմբաւորած է ողջ «Կանոնագիրք Հայոց»-ը՝ առաջին անգամ թարգմանելով արևմտահայերէն։ Այս աշխատութեան ձեռագիր տարբերակը տարիներէ ի վեր ի պահ էր տրուած հեղինակի հարազատներուն, որոնցմէ ստանալէ և Առաջնորդարանի գրադարանի վարիչ Հայկ Մադոյեանի քննելէ յետոյ Առաջնորդ Սրբազանի յանձնարարութեամբ որոշուեցաւ տպագրութեան սկսիլ։ Համակարգչային շարուածքը ջանադրաբար իրագործած է Տ. Յովսէփ Աւ. Քահանայ Յակոբեանը։

Տիրայր Վարդապետի աշխատութիւնը սրբագրութեամբ հանդերձ ներկայիս հրատարակութեան կը պատրաստէ Գեւորգ Սրկ. Գեւորգեանը։ Վերջինս գրքի հրատարակութեան կարևորութեան մասին խօսելիս կը նշէ. «Կանոնագիրք Հայոց»-ը խիստ կարեւոր եւ ուշագրաւ սկզբնաղբիւր մըն է հոգեւորականներու, հաւատացեալներու, իմաստասիրութեան եւ իրաւաբանութեան, տնտեսագիտութեան, պատմութեան ու իրաւագիտութեան հարցերով զբաղուող բոլոր մասնագէտներու համար»: Գեւորգ Սրկ. Գեւորգեանը վստահ է, որ հայ ժողովրդի բազմադարեան պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններէն մեզի հասած եւ հիմա ալ աշխարաբարի վերածուած սոյն ձեռնարկը մեծ չափով օգտակար կ’ըլլայ Եկեղեցոյ հովիւներուն, բանասէրներուն, ազգագրագէտներուն եւ համայն հաւատաւոր ժողովրդին՝ լուսաբանելու կրօնաիրաւական եւ հոգեւոր կենցաղավարութեան հարցերը ու կանոնները: «Կանոնագիրք Հայոց»-ը մատենագրական յուշարձան մըն է, որուն մէջ պարունակող կանոնները կը հանդիսանան իւրատեսակ հայելիներ, ուր առմիշտ կը բիւրեղացուի Հայ Եկեղեցւոյ «գործակալութեան մեծի պաշտօնը», այսինքն՝ կրկին կ’ամրագրուի ու կ’իրագործուի հոգեւոր օրէնսդրութեան ու կանոնակարգի գործունէութեան բազմաթիւ կողմերը:

Մեծ է վստահութիւնը, որ այս աշխատութեան հրատարակումը գործնական իմաստով խիստ օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ հոգևորականաց, թէ՛ ուսումնասիրող գիտնականներու և թէ՛ առհասարակ մեր եկեղեցւոյ զաւակաց համար։

«Կանոնագիրք Հայոց»-ի այս նոր հրատարակութեամբ Արևմտեան թեմը միաժամանակ կը հարստացնէ իր տպագրած գրքերու գրադարանը։ Տեղին է յիշատակել, որ ընթացող 2020 թուականին արդէն իսկ հրատարակուած են 15 գրքեր, ներկայիս ընթացքի մէջ է ևս մօտ տասը գրքերի հրատարակութիւնը, որոնցմէ մաս մը պիտի տպագրուի Երևանի տպարաններու մէջ։

Նորայր Պօղոսեան

Աղբյուր՝ Ter-hambardzum.net

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում