Արցախ. Պատերազմէն անդին մարդասիրական ողբերգութիւնը. Արհ. Ռաֆայէլ Արք Մինասեանի զրոյցը Վատիկան Նիուզի հետ

Արցախ. Պատերազմէն անդին մարդասիրական ողբերգութիւնը. Արհ. Ռաֆայէլ Արք Մինասեանի զրոյցը Վատիկան Նիուզի հետ

Գերապայծառ Մինասեան դատապարտեց քաղաքացի բնակչութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները եւ կոչ ուղղեց մինակ չի թողելու հայերը եւ աջակցելու գաղթական ընտանիքներու կարիքներուն։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Մինչ Արցախի դէմ անցեալ 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած վայրագ յարձակումները կը շարունակուին եւ մէկ ամսուայ ընթացքին երեք անգամ հռչակուած եւ չի յարգուած հրադադարը կը մնայ թուղթի վրայ, մարդասիրական կացութիւնը օրէ օր կ՛աճի եւ վերջին տուեալներուն համաձայն Արցախի 90 հազար քաղաքացի դիմած է գաղթականութեան, մինչ 24 հազար մանուկներ զրկուած կը մնան ուսումէն ու իրենց մանկական երջանկութենէն, ապա բազմաթիւ հայ երիտասարդ եւ տարեց հերոսներ կը շարունակեն իրենց կեանքը նուիրել հայրենիքի պաշտպանութեան համար։

Այս կացութեան մասին Վատիկան Նիուզի իտալական բաժնի հետ զրուցեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, որ է նաեւ Հայկական Քարիթասին նախագահը։

«Մարդասիրական տագնապը կը դառնայ միշտ աւելիով ծանր» հաստատեց Արքեպիսկոպոս Մինասեան, «եւ պիտի ըսեմ նոյնիսկ աղէտալի» աւելցուց ան, խօսելով Քարիթասի տարած աշխատանքի մասին, ի սպաս Հայաստան ապաստան գտած հայորդիներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կազմուած է տարեցներէ, կիներէ եւ մանուկներէ, մինչ այր մարդիկը ճակատի վրայ մնացած կը շարունակեն պաշտպան կանգնիլ իրենց մայրենի հողերուն։

Գերապայծառ Միասնանալը նշեց թէ կարիքը կայ ամէն տեսակ օգնութեան, սկսեալ ուտեստեղէնէն, դեղորայքէն, ու բարոյական աջակցութենէն… Ան ապա մտավախութիւն յայտնեց ի տես ձմեռային եղանակի մօտեցումին եւ ցուրտին, որուն բերումով պէտք է նաեւ հոգալ ապաստանարաններու մէջ ջերմութեան հարցը։

Գերապայծառ Մինասեան դատապարտեց քաղաքացի բնակչութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները, հուսկ կոչ ուղղեց մինակ չի թողելու հայերը եւ աջակցելու գաղթական ընտանիքներու կարիքներուն։

Զրոյցի աւարտին Ան մաղթեց որ վերջ գտնէ պատերազմը ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ որպէսզի խնայուին անմեղ մարդոց կեանքերը։

Աղբյուր՝ Vaticannews.va

28/10/2020

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում