Սիամանթո․ Մենախոսություն

Սիամանթո․ Մենախոսություն

Եւ ստուեր մը ընդերկար մենախօսեց գիշերուան ժամերուն մէջ կանգուն՝
Ձայնը դողդոջ էր, սիրտը սիրով լեցուն, ոտուըները մոխրապատ եւ ինքը իր գաղափարէն գեղեցիկ՝
Նայուածքներէն եւ արցունք կը հոսէր եւ կայծեր կ՚արձակուէին եւ հոգին շքեղօրէն Ցեղին հոգին էր,
Եւ այսօր կ՚ուզէր իր տառապանքին եւ զոհը ըլլալ եւ իր իտէալին հերոսը միանգամայն…
«Հայրենիքիս վրէժին խօսքերը եւ տապառանքիս տարիները ուղեղիս մէջ՝
Քալեցի՜ եւ քալեցի՜, յոգնած, ըմբոստ, ճշմարտախնդիր ու մինակ,
Արիւնի քաղաքներէն ուրիշ քաղաքներ եւ գիւղերէ ի գիւղ…
Ձայն չկար։ Մեռելութիւն ամենուրեք եւ աւերակներ լեռնակուտակ,
Ամէն երդիք իր տնուորին վրայ կործանուած եւ ամէն աղբիւր՝ իր երջանիկ երգին…
Արօտավայրեր արիւնով ոռոգուած եւ հնձաններ գերեզմանոցներու նման,
Ճամբաներուն վրայ որբերու լաց ու կոծ, եւ այրիներ, եւ դառնադէմ յուսահատներ,
Անագորոյն օրէնքին դէմ ըմբոստներ եւ ջախջախուած նորածիններ գետեզերքի քարերուն դէմ…
Արդարութիւն պաղատողներ եւ ուրիշներ, որ տակաւին խաչափայտերու կը փաթթուին…
Դիակնե՜ր եւ դիակնե՜ր, որոնց գլուխները միայն մոխիրներէն դուրս են ցցուած՝
Հունձքերուն վրայ դիակնե՜ր, դիակնե՜ր աւազաններուն երեսը եւ դիակնե՜ր իմ սարսափահար ոտքերուս տակ…
Շղթայակապներ բանտին դուռներուն քով եւ մեռելներ յամառող պատերուն դէմ կանգուն…
Կիսամեռներու ձեռքեր՝ դեռ կեանքին արեգակը դառնութեամբ աղերսող,
Ուրիշներ, որ կ՚ուզէին դեռ ապրիլ մահուան ճանապարհէն ալ անդին…
Եւ ուրիշներ սիրուած հողին համար անգամ մըն ալ իրենց արցունքը վար կու լային…
Ո՜վ անեզրութիւն դիակներու, ի՜նչ չափով քեզ կրնայի չափել,
Արիւն է որ կը բուրէ եւ ես՝ թափառականս, արիւն է որ կը շնչեմ…
Եւ ոտքերս տխրաքայլ, ո՞ր ժամանակէն ի վեր, կարմիր հողին կը կպչին…
Մարդ չէ ծնած այստեղ կարծես եւ ոչ ալ մարդ է մեռած՝
Այլ չարաշուք բնութիւնն է որ իր կողէն դիակներ է դուրս նետեր…
Եւ երկինքը իր աստղերէն վար իր արիւնն է որ մեր բոլորի վրայ կը տարափէ…
Տասը տարուան ճանապարհո՜րդ, ո՞ւր եմ այսօր, ո՞ւր է ճամբաս,
Ո՞ւր է սուրս, ո՞ւր վերարկուս, ո՞ւր է լապտերն իմ սարսափի…
Նպատակս պարտուեցա՞ւ, թէ՞ արժանի չեմ անոր խօսքին…
Ի՞նչ կնճիռ է այս կնճիռը, որ ճակատիս վրան ակօսուեցաւ,
Խղճի խա՞յթն է որ փորեց զայն, թէ՞ ժամանակն բռնակալ…
Ո՞ւր են այն Փարոսները, որոնց լոյսերէն գինովնալով հասայ եկայ։
Ե՞րբ մարեցան։ Ո՛չ, դեռ կը վառին, առաջացի՛ր, դեռ կը վառին,
Ըսին ինծի։ Ջուրի ձայն մը, կը ճանչնամ քեզ, սարսափահար Եփրատն ես դուն,
Ահաւասի՛կ Վանայ ծովը։ — Առաջացի՛ր, ըսին ինծի, Արարատէն ալ անդին»…
Ատելութի՜ւն, ատելութի՜ւն, վերջապէս քու փոթորկիդ թափն իմացայ…
Ահաւասի՛կ կեանքի ձայներ, պայքարի փայլ եւ դիակներ օդերուն մէջ…
Ահաւասի՛կ կռիւին շեփորը, ո՜վ Մասիս, որ աջ ծագէդ կ՚արձագանգուի…
Բզկտէ ուրեմն պատանքներդ անցեալներու սուգերուն մեջ բաժանելէն,
Եւ թող գլխէդ անցնող ամպերն աչքերուդ արիւնը ցամքեցնեն…
Նոյն Ցեղն է՛ որ ոտքի ելաւ, նոյն ցեղն է՛ որ կը զարնէ, նոյն ցեղն է՛ որ այսօր կ՚ապրի,
Եւ ի՜նչ նախճիր, ի՜նչ սրածում, ի՜նչ յաղթական ճակատամարտ…
Ի՜նչ պաղատանք, ի՜նչ քաւութիւն թշնամիին անասնական խաժամուժէն…
Եւ եղբայրներս են որ կը ձայնեն. «Գթութիւնը մենք չե՛նք ճանչնար, միայն վրէժն է ճշմարիտ»։
Ձեզի՜ փառքը, ձե՜զ ապագան, ձե՜զ պատմութիւնը ոսկետառ,
Տասը տարուան արիւնը ունինք մեր ցաւին քով ծովատարած,
Եւ այսօր է որ սրբեցինք մեր ճակատին մուրն ստրկութեան,
Արշալոյսներ պիտի ծնին, ծաղկաստաննե՜ր, ձեր ճակատները պսակող…
Եւ հայրենիքն ահաւասի՛կ ձեզի ղրկեց իր չորս ծայրէն իր զաւակները զինավառ,
Հարուածեցէ՛ք, հարուածեցէ՛ք, մինչեւ որ Արդարութիւնը ձեզ բոլորիդ համբուրէ…
Ո՞վ էք դուք, որ այս գիշեր կ՚ունկնդրէք մենախօսիս վշտերուն,
Մտածումիս մէջ իմ ամօթէս ես սկսայ կատաղութեամբ արտասուել…
Ո՞ւր կ՚արշաւէք, ո՞վ էք դուք, եղբա՞յր, ընկե՞ր, թէ՞ զինակից,
Օ՜, ես ալ ճանչցայ Տառապանքը, ո՞ւր կ՚աշաւէք, զիս ալ առէ՛ք, զիս ալ տարէ՛ք ձեզի հետ»…

Աղբյուր՝ digilib.aua.am

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում